
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան ընտրուեցաւ Եւրասիոյ Գրադարանային համախմբումի փոխնախագահ։
Համախմբումի տարեկան ժողովին քննարկուեցան այդ կառոյցին ապագայ ծրագրերը եւ զարգացման հեռանկարները։
Ժողովի օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ գրաւեցին ղեկավար մարմիններու ընտրութիւնները։ Նոր կազմուած ղեկավարութիւնը մինչեւ 2025 պիտի առաջնորդէ Եւրասիոյ Գրադարանային համախմբումը։ Ձայներու մեծամասնութեամբ նախագահի պաշտօնին ընտրուեցաւ Ռուսիոյ Պետական գրադարանի ընդհանուր տնօրէն Վատիմ Տուտա։ Աննա Չուլեանի փոխնախագահ ընտրուիլը կը համարուի յատկանշական, որովհետեւ, Հայաստանին առաջին անգամ ըլլալով կը տրուի այսպիսի պատասխանատու պաշտօն մը։