Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հարցապնդում կատարեց մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյին՝ Էրզրում (Կարին) նահանգի Գեզ գիւղի հայկական Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ պահպանութեան վերաբերեալ:
Հայ պատգամաւորը, յիշեցնելով, որ եկեղեցին քանի մը անգամ ենթարկուած է յարձակումի՝ հարցուց, թէ ինչո՛ւ պետութիւնը չի ձեռնարկեր համապատասխան միջոցներու, եկեղեցւոյ պահպանման համար: Փայլան յիշեցուց, որ եկեղեցւոյ շրջակայքը կատարուած է ապօրինի շինարարութիւն, որուն պատճառով եկեղեցին շրջափակումի մէջ յայտնուած է: Փայլան դժգոհութիւն յայտնեց, որ իշխանութիւնները որեւէ կերպով չեն միջամտած այդ բոլորը կասեցնելու համար եւ հետեւեալ հարցապնդումը կատարեց․ «Արդեօք յայտնաբերուա՞ծ են այն գանձագողերը, որոնք յարձակած էին Ս. Մինաս եկեղեցւոյ վրայ, արդեօք անոնց դէմ դատականը գործ բացա՞ծ է, թէ ոչ»։
Յիշեցնենք, որ 1790ին կառուցուած, այժմ կիսաւեր վիճակի մէջ գտնուող եկեղեցին 2010ին արձանագրուած էր իբրեւ պատմական յուշարձան, որ կ՛ենթադրէ, թէ կառոյցը պէտք է պահպանուի պետութեան կողմէ։