ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- Ըստ 2021ի Յունուարէն Նոյեմբեր ամիսներու տուեալներուն՝ Ատրպէյճան երկրորդ տեղը կը գրաւէ թրքական զէնքերու յաճախորդներու ցանկին վրայ։
Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութեան եւ թուրք արտաողներու միութեան տուեալներուն համաձայն՝ ՅունուարՆոյեմբեր ամիսներուն, Թուրքիայէն պաշտպանական եւ օդային արտադրանքի արտածումը, անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճած է 39․7 տոկոսով, հասնելով 2․7 միլիառ տոլարի։ Նոյն ժամանակաշրջանի գլխաւոր գնորդը եղած է Միացեալ Նահանգները՝ 1․3 միլիառ տոլար (50․2 տոկոսի աճ)։
Ատրպէյճան նոյն ժամանակահատուածին մէջ 192 միլիոն տոլարի թրքական ռազմական արտադրանք գնած է, ինչ որ 24․8տոկոսով նուազ է` նախորդ տարուան հետ համեմատած։
Նշեալներուն կը յաջորդեն Քաթարը՝ 181 միլիոն տոլարի գնումներով, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները՝ 161 միլիոն տոլար եւ Գերմանիան՝ 143 միլիոն տոլար։