ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի յայտնի դերասան Ճորճ Քլունիին՝ թրքական Turkish Airlines ընկերութեան գովազդին մէջ նկարահանուելէն հրաժարուելուն համար։ Գովազդին մէկ օրուան նկարահանման համար, անոր առաջարկուած է 35 միլիոն տոլար։
«Թրքական նշեալ ընկերութեան 49 տոկոսը կը պատկանի Թուրքիոյ, Էրտողանի վարչակազմին, որ ներգրաւուած է մարդոց առեւտուրի եւ ծայրայեղական վարձկաններու անդրսահմանային փոխադրումներու մէջ», կը նշուի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ: