
Շիքակոյի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բէնդէզեան իր կատարած ուխտին անհաւատարիմ գտնուած ըլլալով, Արամ Ա. կաթողիկոսը 21 Հոկտեմբեր 2021 թուակիր Հայրապետական վճիռով զայն կարգալոյծ հռչակեց:
Այսուհետեւ Ղեւոնդ Ծ. վրդ.ը կը դադրի հոգեւորական ըլլալէ եւ կը դասուի աշխարհականներու կարգին՝ Վարուժան Բէնդէզեան անունով: