
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցնող երկու օրերուն ընթացքին, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիագումար նիստերէն ետք, Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2021ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին, յիշեալ ժողովները միացեալ հանդիպում ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին կարգ մը թեմերու առաջնորդները:
Կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան համաձայն նման միացեալ հանդիպման օրակարգին մաս կը կազմեն կաթողիկոսութեան, հայ եկեղեցւոյ, Հայաստանին, Արցախին եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին վերաբերող ընդհանրական հարցեր:
Կաթողիկոսը իր բացման խօսքին մէջ ընդհանուր գիծերու մէջ պարզեց մեր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները: Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք.ը եւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս.ը յաջորդաբար զեկոյցներ ներկայացուցին իրենց թեմերուն մասին: Զեկոյցները ներառեցին կրօնական, վարչական, տնտեսական ու յարաբերական աշխատանքներ եւ հարցեր: Ապա, առաջնորդ սրբազան հայրերը ժողովականներուն հարցումներուն պատասխանեցին:
Վեհափառը եզրափակիչ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Սփիւռքի յիշեալ մայր գաղութներուն զօրակցութիւնը հրամայական է: Ան իր գնահատանքը յայտնեց անցնող տարիներուն Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին օժանդակող կառոյցներուն, բարերարներուն եւ ազգայիններուն ու վստահեցուց, որ յիշեալ գաղութներու վերականգնումը պիտի շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար:
Նկատի ունենալով, որ կարգ մը թեմեր թեմական կանոնագրային որոշ յօդուածներու փոփոխութիւններ առաջարկած էին՝ հայրապետը թելադրեց, որ բոլոր թեմերը իրենց փորձառութեան լոյսին տակ ճշդեն կանոնագրութիւններուն մէջ վերատեսութեան կարօտ բաժինները, որպէսզի Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը եւ յառաջիկային գումարուելիք Ազգային Ընդհանուր ժողովը անհրաժեշտ քննարկումը եւ վաւերացումը կատարեն:
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, իբրեւ անդամ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատական յանձնախումբին՝ զեկուցեց դատին ներկայ հանգրուանին մասին: Կաթողիկոսը յայտնեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին այս գծով կարեւոր է մեր ժողովուրդին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցել, որովհետեւ յիշեալ դատը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի դատն է:
Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան զեկոյց ներկայացուց կաթողիկոսութեան կողմէ Արցախի մէջ կառուցուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղին մասին: Ան յայտնեց, որ գիւղը Արցախի եւ Ատրրպէյճանի բաժանման գիծին վրայ կը գտնուի՝ մաս կազմելով Արցախի ներկայ տարածքին: Հարցումներու պատասխանելով՝ ան տեղեակ պահեց ժողովը, որ գիւղը կը կարօտի որոշ օժանդակութեան: Վեհափառը յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է որ այս գծով մեր ստանձնած յանձնառութիւնը շարունակուի՝ խորհրդակցաբար Արցախի իշխանութեան հետ:
Հայրապետը անդրադարձաւ Նուիրապետական Աթոռներու գործակցութեան՝ ընդգծելով անոր հրամայական անհրաժեշտութիւնը՝ իբրեւ մղիչ ոյժը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել կենսաւորման: Ան յիշեցուց, թէ Նուիրապետական Աթոռները տարբեր պայմաններու մէջ կ՛ապրին, տարբեր դրուածքներ ունին ու տարբեր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, սակայն այս բոլորէն վեր՝ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հաւաքական արժէքներուն եւ իտէալներուն ամուր կապուածութիւնը հիմքն է մեր եկեղեցւոյ ներքին միասնականութեան եւ անոր հոգեւոր ու ազգային առաքելութեան:
Հայրապետը անդրադարձաւ Արցախի վերջին պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան եւ այդ ծիրին մէջ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան: Ժողովը շեշտեց, թէ մեր հաւատարմութիւնը եւ զօրակցութիւնը Հայաստանի պետութեան, անոր անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան ու անվտանգութեան պէտք է մնայ ամուր եւ ներհայաստանեան խնդիրներէն վեր: Մեր ազգի կեանքի ներկայ ճակատագրական հանգրուանը պէտք է բոլորս մղէ մէկդի դնելու բաժանարար մօտեցումները եւ մեր հայրենիքին հզօրացման նպաստող աշխատանքները պէտք է դառնան միացուցիչ շաղախը մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոսը նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց կաթողիկոսարանի յառաջիկայ աշխատանքներուն գլխաւոր երեսները: Այս շրջագիծին մէջ ան յիշեց հետեւեալները. առաջին՝ մինչեւ 1972 թուականը երկարող Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան պատրաստութիւնը պիտի շարունակուի. երկրորդ՝ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է կաթողիկոսարանի հնատիպներու եւ ձեռագիրներու ամբողջացումը, ապա՝ հրատարակութիւնը. եւ երրորդ՝ կը ծրագրուի «Կիլիկիա» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարաններուն յատուկ առանձին լայնածաւալ քաթալոկներ պատրաստել: Այս ծրագիրները կը կարօտին լուրջ աշխատանքի, որուն անմիջապէս պիտի ձեռնարկենք, ինչպէս նաեւ՝ մեկենասներու:
Հայր Յովակիմը ներկայացուց վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25ամեակին վերաբերող աշխատանքներու ընդհանուր պատկերը: Ան ըսաւ, որ 2020 թուականը վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25 ամեակն էր, սակայն թէ՛ վեհափառին փափաքին ընդառաջելով եւ ներկայ պայմանները նկատի ունենալով՝ հրապարակային ձեռնարկները ջնջուեցան: Սակայն, այս կարեւոր առիթով, շուտով երկու հատորներ լոյս պիտի տեսնեն՝ կաթողիկոսի գահակալութիւնը արժեւորող յօդուածներ ներառող շուրջ 600 էջերէ բաղկացած հատոր մը եւ երկլեզու նկարազարդ քաթալոկ մը: Թեմակալ առաջնորդները առաջարկեցին, որ վեհափառ հայրապետը այցելէ թեմերը՝ իր գահակալութիւնը նշելու եւ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղելու համար: Արամ Ա. ներկայ պայմաններուն մէջ յարմար չտեսաւ թէ՛ իր հովուապետական այցելութիւնը եւ թէ իր գահակալութեան 25ամեակի նշումը՝ յայտնելով, որ էականը մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելն է:
Վեհափառը տեղեակ պահեց ժողովը, որ 2022 թուականը որոշած է հռչակել «Սփիւռքի Տարի» եւ այս մասին իր Հայրապետական պատգամը Յունուար 2022ի սկիզբը պիտի հրապարակուի: Ժողովականները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին վեհափառին այս իմաստուն որոշման համար՝ շեշտելով Սփիւռքի վերակազմակերպման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը: Կաթողիկոսը ըսաւ, թէ յառաջիկային այս ուղղութեամբ աւելի լայն բացատրութիւններ պիտի տրուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ապա, հայրապետին առաջարկին ընդառաջելով՝ ժողովը ճշդեց Միւռոնօրհնէքի եւ Ազգային Ընդհանուր ժողովի թուականները:
Իր փակման խօսքին մէջ կաթողիկոսը շեշտեց, թէ հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ մեր ժողովուրդին զօրակցութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով պիտի շարունակէ իր ծառայական առաքելութիւնը:
(Թղթակցութիւնը՝ կաթողիկոսարանի դիւանէն)
Ես տեղը ըլլայինէ կըսէի Արցախի եւ Սիւնիքի կորսվելու տարի, Նիկոլի սխալներու շարքի տարի, պատրութիւնը կլելու եւ մարսելու տարի կամ ալ ասանկ բաներ մը: Սփիւռքի տարին ալ կարեւոր է, լաւ կըլլայ որ Սփիւռքը սկսի բան մը ընել որ Հայաստանը եւ Արցախը բրկվին: