

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկար տարիներու համայնքային գործիչ Աբօ Սաղտճեան եւ դուստրը՝ Նայիրին, 20,000 տոլարի առատաձեռն նոր նուիրատուութիւն մը կատարեցին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, անոր հովանիին տակ գործող՝ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրի գործունէութեան դաշտը ընդարձակելուն սատարելու նպատակով: Այս նուէրով, 2004էն ի վեր Սաղտճեաններուն կողմէ այս ծրագիրին տրամադրուած գումարը անցաւ 250,000 տոլարի սահմանը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան երախտագիտութիւն յայտնեց Սաղտճեաններու այս նորագոյն աջակցութեան համար՝ աւելցնելով, որ տարուէ տարի աւելի զօրացող ծրագիրը հպարտութեան աղբիւր մըն է Հայ Դատին համար, որուն խորապէս կը հաւատար համայնքին նուիրուած Յովիկը:
«Մեր ընտանիքը նուիրուած է Հայ Դատին աջակցելու նպատակին եւ յատկապէս՝ եղբօրս՝ Յովիկին յիշատակը ողջ պահող այս ծրագիրին, որ կը շարունակէ հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ ղեկավարման պատրաստելու ջանքերուն զօրակցիլ», կը յայտնէ Նայիրի Սաղտճեան:
Հայ երիտասարդներու քաղաքական, լրատուական կամ այլ ասպարէզներ մուտք գործելու ջանքերուն նեցուկ կանգնող նշեալ ծրագիրը արդէն իսկ նպաստած է առաւել քան 300 երիտասարդներու:
Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը համալսարանական նոր շրջանաւարտներու առիթ կու տայ երեք ամիսով ձրիաբար ապրելու անոր կեդրոնատեղիին մէջ, երբ քոնկրեսական զանազան գրասենեակներու կամ այլ հաստատութիւններու մէջ կ՛ամբողջացնեն իրենց վարժողական ծրագիրները, նոյն ժամանակ անոնց տրամադրելով արժէքաւոր խորհրդատուութիւն։
Յովիկ Սաղտճեանի կեանքը 23 տարեկանին ընդհատուեցաւ անողոք ինքնաշարժի արկածի մը պատճառաւ, որ պատահեցաւ Յուլիս 2004ին: Ան գործօն անդամ էր ՀՄԸՄի ու ՀԵԴի՝ նպատակ ունենալով մասնակցիլ Ամերիկայի մէջ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու աշխատանքներուն: 2003ին, ան «Հող եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան հետ Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատանք տարած էր եւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ աշխատելու կողքին, մասնակցած էր նաեւ քոնկրեսական Ճորճ Ռատանովիչի եւ նահանգային ծերակուտական Ճօ Սիմիթեանի ընտրապայքարներուն: Ան նաեւ իւրայատուկ կապեր ունէր իր ծնողքին՝ Աբոյի եւ Ռոզինի հետ, ինչպէս նաեւ իր քրոջ՝ Նայիրիի հետ:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.anca.org/gateway կայքէջը: