
ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ յստակացած են 2021ի աշնանային հանգրուանի հայագիտական նիւթերով այն ուսումնասիրութիւնները, որոնց ամբողջացման պիտի նպաստէ ընկերակցութիւնը, մինչեւ 1000 տոլարի հասնող մրցանակներով։
Ընկերակցութիւնը ներկայացուած լաւագոյն առաջարկներէն ընտրած է հետեւեալները․
– Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն Հէյլի Ծովիկեանի ուսումնասիրութիւնը, որ նուիրուած է հայկական ինքնութեան ծալքերուն։
– Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն Դանիէլ Օհանեանի ուսումնասիրութիւնը՝ «Հայց․ եկեղեցին եւ Հռոմի եկեղեցին․ Հաւատք, տպագրութիւն եւ ուժ օսմանահայութեան պատմութեան մէջ (1688-1717)» նիւթով։
– «Փրինսթըն» համալսարանէն Արամ Ղուկասեանի ուսումնասիրութիւնը, որ նուիրուած է 19րդ դարու հայկական աշխարհի ընթերցանութեան մշակոյթին։
– Նորթուեսթըրն համալսարանէն Հազալ Էօզտեմիրի ուսումնասիրութիւնը, որ նուիրուած է Օսմանեան կայսրութենէն Միացեալ Նահանգներ հայութեան գաղթին, 1896-1908 տարիներուն։
– «Մաքս Փլանք» հիմնարկէն Ռուբէն Դաւթեանի ուսումնասիրութիւնը, որ նուիրուած է Հարաւային Կովկասի վրայ Եւրասիոյ վաչկատուններուն ազդեցութեան՝ միջին երկաթէ դարուն։
– Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն Լոռի Փիրինճեանի ուսումնասիրութիւնը, որ նուիրուած է Հայաստանի «հակասեռական» շարժումին։
Յաջորդ դիմումներուն ժամկէտն է՝ 15 Ապրիլ 2022։
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան եւ անոր անդամակցելու կարելիութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը: