ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 20,000 տոլարի նուիրատուութեամբ եւ Շուշիի Արհեստագիտութեան համալսարանին հետ համագործակցութեամբ, կարելի եղած է 44օրեայ պատերազմին պատճառով տեղահանուածներուն համար համակարգիչներու կեդրոն մը հաստատել այժմ Ստեփանակերտի մէջ գործող համալսարանին մէջ՝ գիտակցելով, որ երիտասարդութիւնը արդի արհեստագիտութեան կապելու աշխատանքը յոյժ կարեւոր է յատկապէս այս հանգրուանին։
Տարիներէ ի վեր Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ արդի արհեստագիտութեան տարածումը դիւրացնելու ջանքերուն վրայ։ Օրինակի համար, 2013ին, հիմնարկութիւնը 100,000 տոլար նուիրած է Ստեփանակերտի Պետական համալսարանին համակարգիչներու քառամեայ մասնագիտութիւն հաստատելու ծրագրին եւ 200,000 տոլար՝ նոյն համալսարանին մէջ ուսանողուհիներու յատուկ հանրակացարան մը հաստատելու ծրագիրին։ Անիկա ցարդ Արցախի գիւղերուն մէջ ճարտարագիտութեան դասաւանդման նուիրուած 8 Armath կեդրոններու համար գումարներ տրամադրած է (80,000 տոլար), շարք մը այլ նախաձեռնութիւններու կողքին։
Հայ Կրթական հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Էլ Քապրալոֆ ուրախութիւն յայտնեց, որ հիմնարկութիւնը կրցաւ իր մասնակցութիւնը բերել Շուշիի համալսարանին համար նոր տուն մը գտնելու ջանքերուն, զայն հայութեան գոյատեւման կամքին ցուցանիշներէն մէկը համարելով։