Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն 9-10 Հոկտեմբեր 2021ին, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ կազմակերպեց կուսակցական խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան առաւել քան 150 անդամներ: Ժողովականները կը ներկայացնէին կուսակցական բոլոր միաւորները, անխտիր: Մասնակցեցան նաեւ վերջին տասնամեակներուն շրջանիս մէջ գործող հասարակական եւ համայնքային կազմակերպութիւններու մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարած կուսակցականներ:
Ժողովը, մանրամասնօրէն քննելէ ետք հայրենիքի մէջ տիրող ճգնաժամային յետ-պատերազմեան եւ ներկուսակցական հարցերը՝ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Համազգային տագնապի օրեր կ՛ապրի այսօր հայութիւնը, դիմագրաւելով վերջին տասնամեակներուն յարաբերակցութեամբ աննախընթաց մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան հայրենի հողին, վերելքի կարողականութեան եւ ժողովուրդի միասնութեան:
«Քաղաքական իր հեղինակութիւնն ու հմայքը կորսնցուցած՝ տագնապալի օրեր կ՛ապրի նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Անցած տասնամեակներուն, Հայաստանի քրէաօլիկարգիկ իշխանութիւններուն հետ համակերպելու կուսակցութեան քաղաքական վարքագիծը Դաշնակցութիւնը հասցուց գաղափարական եւ քաղաքական հարազատ ինքնութեան կորուստի վտանգին: Ժողովուրդէն ծնած եւ ժողովուրդին ծառայելու կոչուած Դաշնակցութիւնը կ՛օտարանայ՝ յաչս հայրենի մեր ժողովուրդին, որուն մօտ կուսակցութեան վայելած վստահութեան վարկանիշը ինկած է՝ հասնելով նուազագոյն աստիճանի: Այս մէկը անարդար է ՀՅԴի 130ամեայ ծառայութեան եւ աւանդին, ու անոր դրօշին տակ զոհաբերութիւն ցուցաբերած նուիրեալներու յիշատակին նկատմամբ:
«Դաշնակցութեան մէջ տիրող ապագաղափարականացումի հեղձուցիչ մթնոլորտը բնականաբար իր բացասական անդրադարձները կ՛ունենայ նաեւ կուսակցութեան կազմակերպական կեանքին վրայ: Կուսակցական ժողովները կը վերածուին ծիսակատարութիւններու՝ հետզհետէ զրկուելով պատասխանատուութեան կանչելու եւ հաշուառու ըլլալու իրենց դերերէն: Ղեկավարութեան վրայ գտնուողներ կը գործեն ըստ իրենց անձնական ու քաղաքական նպատակայարմարութիւններուն, եւ ոտնակոխելով կուսակցութեան կանոնագրային սկզբունքները՝ կամայական տնօրինումներով կը հարուածեն կազմակերպական մեր միասնութիւնը: Այս նոյն վարքագիծով, քաղաքական քննարկումի կամ տարակարծութիւններու հանդէպ անհանդուրժողութիւն կը ցուցաբերուի, եւ ի զուր կը փորձուի անդամալուծել դաշնակցական միտքը, ճնշել ու գաղափարական կուռ նկարագիրէ զրկել դաշնակցական մամուլը:
«Կուսակցութեան համար ստեղծուած պատմական ծանրակշիռ այս պահուն, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի այս խորհրդաժողովը կը մերժէ կուսակցութիւնը իր հունէն հանելու եւ պառակտելու արտաքին թէ ներքին ամէն փորձ, եւ կը հաստատէ, որ իբրեւ ազգային, ընկերվարական, գերազանցապէս ժողովրդավար կուսակցութիւն՝ պիտի շարունակէ գործել իր ինքնուրոյն գաղափարախօսութեան եւ արժեհամակարգին ամբողջական նուիրումով ու տեղական օրէնքներուն համաձայն, որպէսզի իր առաքելութիւնը չկաղայ որեւէ այլ կառոյցի կողմէ:
«Այսօր, հայ ազգին համար ամէն ժամանակէ աւելի կենսական է առողջ, վերանորոգ եւ նպատակասլաց ՀՅ Դաշնակցութիւն:
«Հայ ազգի ամբողջական ազատագրութիւնը, արտաքին թշնամիներու դէմ կռուելով, թէ ներքին շահագործումներու դէմ դնելով՝ այլընտրանք չունի: Մեր ժողովուրդը ներքին ցեցերէն ազատագրելու եւ ընկերային արդարութեան հետամուտ ըլլալու կոչումով առաջնորդուող Դաշնակցութեան համար ընդունելի չէ ի՛ր իսկ գաղափարախօսութեան եւ ազգային հայեցակարգին հակադրուող ուժերու հետ որեւէ զինակցութիւն: Յա՛տկապէս անընդունելի է գործակցութիւնը քաղաքական ուժերու հետ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն մեր պետականութեան անկախութիւնը բացարձակ արժէք համարելու հանգամանքը:
«Վերջին երեսուն տարիներուն, մեր հայրենիքի անցած դժուար ճանապարհին, եւ մանաւանդ անցեալ տարուան աղիտալի պատերազմի դառն փորձառութեան լոյսին տակ, այլեւս անառարկելի հրամայական է ժողովրդավարութեան հաստատումը մեր հայրենիքի մէջ՝ իբրեւ միակ երաշխիքը անկախ եւ ինքնիշխան պետականութեան գոյատեւման:
«Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, հայ ժողովուրդը խոր մտահոգութեամբ կը դիտէ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին, ու մանաւանդ սահմանային վերջին իրադարձութիւններուն գծով պարզուող անորոշ քաղաքականութիւնը: Այս բոլորի պատճառները, ըլլա՛ն իշխանական անփորձութիւն, քաղաքական ապիկարութիւն, թէ՝ մտածուած ուղեգիծի ձախողութիւն՝ անընդունելի են ու դատապարտելի: Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները չկարենան շատ արագ սթափիլ եւ ցոյց տալ յաւելեալ կազմակերպուածութիւն եւ վճռակամութիւն թշնամիին եւ մեծապետական խաղերուն դէմ, մենք ազգովին շատ սուղ գին պիտի վճարենք, աւելին քան մինչեւ այս պահս գրաւուած հողերը եւ հազարաւոր զինուորներու կեանքերը:
«Հայ ազգի ամբողջական ուժերով պէտք է աշխատիլ՝ ամրապնդելու պետական հիմնարկութիւնները եւ բանակը, առողջացնել արդարադատութեան համակարգը եւ հաստատել օրէնքի բացարձակ գերակայութիւնը: Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւնները եւս պէտք է հասկնան, թէ ազգի տարբեր հատուածներուն հետ գործակցելու եւ, յա՛տկապէս Սփիւռքի հսկայ ներուժը Հայաստանի պետականութեան հզօրացման ծառայեցնելու ծանր պատասխանատուութիւնը ունին: Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, անհրաժեշտ է մէկդի դնել հատուածական շահերը եւ ազգի ուժերը համախմբել մեր պետականութեան շուրջ: Հաստատապէս, պիտի չյաջողինք մեր ազգային իրաւունքներուն վերատիրանալ, եթէ չենք ամրապնդած մեր պետականութեան հիմնասիւները եւ նուիրականացուցած անոր արժէքները: Անցնող տասնամեակներուն, այս ծիրին մէջ համազգային թերացումը մեր պարտութեան հիմնական պատճառներէն մէկն է:
«Կը հաստատենք եւ լիարժէք վստահութեամբ կը յայտարարենք որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի վերադառնայ իր գաղափարախօսութեան ակունքներուն եւ իր երբեմնի բարձունքին: Իր Ծրագիրի գաղափարական թռիչքի վեհութեամբ, վերանորոգուած կանոնագրութեամբ եւ անսակարկ յանձնառութեամբ՝ Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս իր ներուժն ու ծառայութիւնը ի սպաս պիտի դնէ Հայաստանի հզօրացման եւ Արցախի դատին՝ ի հարկին այլընտրանքային այլ ուղիներ բանալով եւ հայապատկան հողերը իր իրաւական տիրոջ՝ հայ ազգին վերադարձնելու յանձնառութեամբ:
«Ահա՛ այսպիսի տեսլականով եւ առաջադրանքով հայ ժողովուրդին, եւ ի՛ մասնաւորի աշխարհացրիւ դաշնակցական ընկերներուն կը ներկայանան այսօր Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գործող դաշնակցական ողջամիտ մարմինները եւ անդամները: Կը յորդորենք կուսակցական մեր ընկերներուն, որ հեռու մնան անհեթեթ ու անտեղի շահարկումներու ճամբով մեր միասնութիւնը հարուածող քայլերէ:
«Կոչ կ՛ընենք աշխարհի բոլոր դաշնակցական մարմիններուն եւ ընկերներուն՝ սատար կանգնելու Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅ Դաշնակցութեան այս ընտանիքին՝ վերականգնելու համար Դաշնակցութեան գաղափարական հնոցը»:
Աստեղը գրվածներուն մէկ մասին ամմէն մարդ համաձայն կըլլայ, խոսք չուզէր: Միան թէ քանի մը կէտ ըսեմ: 1. Հայտնի է որ աս գրութիւնը դաշնակցութիւն կուսակցութեան մէջը եղած ներսի խնդիրի մը պատճառավ է: Աս գրութիւնը ատ խնդիրը աշխարի հրապարակին վրայ կը հանէ եւ ամմէնէն մեծ վնասը կը բերէ կուսակցութեան: 2. Ես վստահ եմ որ գրողները հայտի է որ լաւ նպատակով գրէր են, բայց ասի ճիշդ հակառակ տեղը կը հասցնէ, լաւութեան տեղը վնաս կը բերէ ամմէնուն: 3. Այս գրողները ուրիշ բան մըն ալ չեն անդրադարնար: Երկու կողմին ալ զարկէր են. Բաշինեանին ալ, անոր դէմը ելլողներուն ալ, ամմէնէն մեծ զարկը տվեր են Հայաստանի դաշնակցականներուն: Եթէ ասի ուրիշ ատեն մը ընէին, մէկը դերեւս ըսեր որ կարծիք մըն է. հապա աս ատենը գրելով, կըմորնան որ Հայաստանի մէջը հիմա միայն երկու ճամբայ կայ, մէկը Բաշինեանին ճամբան է, որ տեսանք որ ուր կը տանի, միւսը անի է որ կուզէ Հայաստանը եւ Արցախը ազատել, վնասներէն ետ քաշէլ, երկիրին եւ ժողովուրդին ոտքի վրայ հանել: Երկրոդ կողմին մէջն է Հայաստանի Դաշնակցութիւնը, ով ալ ըլլանէ անոր մէջը կամ ղեկավարողը: Անոնք ալ կը բրնեն ձերքը անոնց, որ իրենց պէս կը խորին: Երրորդ ճամբայ մը կա՞յ: Ըսելս անի է որ դաշնակցութեան եւ անոր հետ եղողներուն վար զարնելով, ուզենչուզեն Բաշինեանին շահ կը բերէն: 4. Աշխարի բոլոր երկիրներուն մէջը դաշնակցականները հիմա մէկ ձեւով կը մտածեն, ըսել է Հայաստանի մէջը եղողներուն պէս: Եթէ ասի չեն տեսնէր եւ ասոր վրան ալ անտեղիններուն ասանկ կը քննադատեն, ուրեմն ըսել է որ ամմէն աշխարի դաշնակցականներուն դէմը կելլեն: Ըսել է որ ամմէնը սխալ են, միան աս գրութիւնը հանողները շիտակ են: 5. Եթէ վաղը Բաշինեանը եւ իրենպէսները ելլան եւ աս գրութիւնը դնեն Հայաստանի դաշնակցականներուն դէմը, ո՞վ պիտի շահի. ըսել ուզածս անի է որ Հայաստանի դաշնակցականներուն վար զարնելով, աս գրողները ի՞նչ շահ ունին: Չեմ կարծեր որ ասոնք Բաշինեանէն մետալ կը սպասեն կոր: Բաշինեանը մետալները պատերազմը պատրեցնել տվողներուն կուտայ, իր մարդիկներուն կը նշանակէ ներսը եւ դուրսը: Ուրիշներուն բաժին չի մնար որ: 6. Ուրիշ բան մը գրէլու պետք մնա՞ց: