(Ծնեալ՝ 29 Դեկտեմբեր 1938ին, Գամիշլի, Սուրիա)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին՝ Ասատուր Պօղոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2021ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Holy Trinity Arm. Apost. Church), 2226 Ventura Ave., Fresno, CA 93721. ապա թաղումը՝ «Մասիս Արարատ» գերեզմանատան մէջ, 250 N Hughes Ave, Fresno, CA 93706։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Զուարթ Պօղոսեան
Դուստրը՝ Կարինէ եւ Սարգիս Մարանեան եւ զաւակը՝ Գրիգոր
Զաւակները՝ Արամ եւ Վերա Պօղոսեան եւ զաւակները՝ Դուին եւ Պօղոս (Շուէտ)
Տոքթ. Վան եւ Անիթա Պօղոսեան եւ զաւակները՝ Ասատուր, Արքա եւ Պիայինա
Հանգուցեալ քրոջ՝ Սիրանուշ Կիրակոսեանի զաւակները՝ Արշալոյս, Վահէ, Բաբգէն, Տալիթա, Կիրակոս, Յասմիկ եւ Թամար Կիրակոսեաններ (Գամիշլի)
Քոյրը՝ Խաթուն Օհանեան եւ զաւակները՝ Սօսէ, Վիգէն, Նազիկ եւ Մարալ (Գերմանիա)
Աներորդիին կինը՝ Արփինէ Գէորգեան եւ զաւակները (Հալէպ)
Աներորդին՝ Նուպար եւ Ցոլինէ Գէորգեան եւ դուստրերը
Քենիները՝ Աստղիկ Հապոյեան եւ զաւակները
Սոնա եւ Ժագ Սահակեան եւ զաւակները (Շուէտ)
Խնամիները՝ Մարանեան, Ղազարեան, Միհրանեան եւ Նալպանտեան ընտանիքները
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան վարժարանին, 108 N. Villa Ave., Clovis, CA 93612։
ԱՍԱՏՈՒՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ »Թէհլիրեան« կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ իրենց ընկերներէն տոքթ. Վան Պօղոսեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն