ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակը:
Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը «կարեւոր դերակատարութիւն կրնայ ունենալ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման մէջ»:
Գրիգորեան եւ Թրէյսի բարձր գնահատեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական լուծման:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան ջանքերը՝ դատաիրաւական համակարգին մէջ բարեփոխումներու եւ փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութիւններով` մատնանշելով ժողովրդավարական բարեփոխումներու գործընթացին մէջ երկու երկիրներուն շարունակական համագործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը: