ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 28 Սեպտեմբերին, ատրպէյճանական կողմը Շուշիի մէջ հայկական կողմին փոխանցեց եւս երեք հայ զինուորներու աճիւնները:
Լուրը հաղորդեց Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը` նշելով, որ զինուորներուն ինքնութիւնը պարզելու նպատակով կը նշանակուի դատաբժշկական փորձաքննութիւնը:
Արցախի Արտակարգ իրավիճակների պետական ծառայութիւնը կը յիշեցնէ, որ զինադադարէն մինչ օրս, ընդհանուր առմամբ յայտնաբերուած են 1673 հայ զինուորներու աճիւնները: