Կ. Կ.
21 Սեպտեմբերը տօն է համայն հայութեան համար։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ սկաուտները տօնախմբեցին սոյն օրը՝ սակայն այս անգամ իւրայատուկ ձեւով։
Նախապէս կարգադրուած հանրաշարժերը ակումբին առջեւ ժամադրուած սկաուտները եւ ծնողները փոխադրեցին Նեղոսի ափը, ուր առագաստանաւերով շրջագայեցան՝ մօտէն տեսնելու համար Գահիրէի Աշտարակին վրայ բոցավառուած մեր եռագոյն դրօշին գոյները։
Վերադարձին, անոնք այցելեցինք Գահիրէի Աշտարակը եւ խմբային նկարով մը եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով ամփոփեցինք մեր երեկոն։
Հաճելի մթնոլորտ էր։
Հայկական երգով ու պարով այս տարի եւս տօնախմբեցինք մեր հայրենիքի վերանկախացման օրը։
Վարձքը կատար բոլորին։