ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ կառավարութեան միասնական տեղեկատուական համակարգի կայքին վրայ օգտագործուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եզրը։ Կայքին գնումներ բաժինին մէջ հրապարակուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան դիմումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած զինուորական աւաններու զօրանոցային-բնակարանային ֆոնտի կազմակերպման եւ համալիր սպասարկման ծառայութիւններու մատուցման համար։
Դիմումը վերնագրուած է հետեւեալ ձեւով. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին մէջ տեղակայուած զինուորական աւաններու զօրանոցային-բնակարանային ֆոնտի կազմակերպման, համալիր սպասարկման ծառայութիւններու մատուցման համար»։
Կայքին վրայ դիմումը հրապարակուած է 13 Օգոստոս 2021ին։ Վերջնաժամկէտն է՝ 16 Սեպտեմբեր 2021։