ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս ամբողջացուցած է Գիւմրիի աննախանձելի վիճակի մէջ գտնուող թիւ 27 վարժարանի նորոգութիւնը, որ 160,000 տոլար արժած է։
Վերանորոգութեան նպատակով հիմնարկութեան 50,000 տոլար նուիրած է Նիւ Ճըրզիէն Սիւզան Վարդանեան Պարպա, ի յիշատակ իր ծնողքին՝ Անդրանիկ եւ Նուարդ Վարդանեաններուն։
44օրեայ պատերազմէն ետք, վարժարաններու նորոգութեան վրայ աւելիով ծանրանալու որոշում տուած Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը, որ ցարդ առաւել քան 200 վարժարաններ նորոգած է, 2020-2021 տարեշրջանին 358 աշակերտ ունեցած այս դպրոցը ընտրած էր, որովետեւ հոն վերջին 29 տարիներուն կարելի չէր եղած նորոգութիւններ իրականացնել։
Յատկանշական է, որ վարժարանին նոր տնօրէնուհին՝ Կարէն Գալստեան, 44օրեայ պատերազմին մասնակցողներէն մէկը եղած է։ Ան կը յայտնէ, թէ, յոյս ունի, որ նորոգուած դպրոցին մէջ կարելի պիտի ըլլայ յաւելեալ 50 աշակերներ ընդունիլ։ Ան ուրախ է, որ աշակերտներուն թիւը արդէն իսկ 400ի հասած է։
Հայ Կրթական հիմնարկութեան՝ Հայաստանի մէջ վարժարաններու նորոգութիւններու պատասխանատու Նշան Փիրումեան կը տեղեկացնէ, թէ նորոգուած են վարժարանին դասարանները եւ սրահները, արդիականացուած է ջեռուցումի համակարգը եւ ապահովուած են նոր կահ կարասիներ ու համակարգիչներ, կրթական աւելի լաւ պայմաններ երաշխաւորելով աշակերտներուն։
Հայ Կրթական հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Էլ Քապրալոֆ կը յայտնէ, թէ այս ծրագիրը յատկապէս կարեւոր էր Գիւմրիի ապագային համար, յոյս յայտնելով, որ նման քայլերով կարելի կ՛ըլլայ զսպել Գիւմրիէն մեծ թիւով քաղաքացիներու արտահոսքը դէպի Երեւան կամ արտասահման։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սիւզան Վարդանեան Պարպային, իր առատաձեռն նուիրատուութեան համար։
Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցել aef@aefweb.org կայքը։