ՔԱՊՈՒԼ, «Պի․Պի․Սի․»․- 31 Օգոստոսին, ամերիկեան ուժերուն հեռացումէն ետք, Աֆղանիստանի «Թալեպան» շարժումը տիրացաւ մինչ այդ իր հակակշիռին տակ չեղող Քապուլի միջազգային օդակայանին։
Միւս կողմէ, Փենթակոնի բանբեր Ճան Քըրպի յայտնեց, որ Փենթակոնը լրջութեամբ կը մօտենայ այն տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց, Քապուլի վրայ ամերիկեան օդային յարձակումին ընթացքին քաղաքային զոհեր եղած են: Ան նշեց, որ աւելի քան 122,000 անձեր, որոնց հինգ հազարը` ամերիկացիներ, հեռացուեցան Աֆղանիստանէն։
Իր կարգին, Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեց, թէ նիւթական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Աֆղանիստանի դրացի երկիրներուն` գաղթականներուն տեղաւորումը ապահովելու համար:
«Եւրոպայի կարողութիւնները ունին իրենց սահմանները, առանց սերտ համագործակցութեան ոչինչ կարելի է ընել: Դրացի երկիրները աւելի շատ եւ աւելի շուտ պիտի ներգրաւուին հոլովոյթին մէջ, քան Եւրոպան: Այնպէս որ, այո՛, այս նաեւ կը նշանակէ այլ երկիրներուն նիւթական օժանդակութեան տրամադրում, ինչպէս եղաւ Թուրքիոյ հետ»:
Ըստ անոր` Եւրոպան պէտք է դասեր քաղէ Աֆղանիստանի կացութենէն, որպէսզի ամրապնդէ «անդրատլանտեան յարաբերութիւնները եւ զանոնք դարձնէ աւելի հաւասարակշռուած»: