Շաբաթ, 21 Օգոստոսին, օրհնութեամբ` Արեւմտեան թեմիս առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի` տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու գործունէութեանը վերաբերող ընդլայնուած համաժողովի նիստ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին եօթանասունէն աւելի ուսուցիչներ` թէ Արեւմտեան եւ թէ Արեւելեան թեմերէն:
Ժողովին սկիզբը, առաջնորդ սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն` նուիրեալ ու կամաւոր ծառայութեան համար, շեշտը դնելով եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անոնց ունեցած կենսական դերին վրայ:
Համաժողովը վարեց թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու խորհուրդի նորանշանակ նախագահ Մեսրոպ քհնյ. Աշը:
Համաժողովի ընթացքին ան ներկայացուց խորհուրդի նոր կազմը, ինչպէս նաեւ այն նոր մշակուած ծրագիրը եւ մարտավարութիւնը, որը պէտք է գործադրուի 2021-2022 ուսումնական տարուան համար: Մշակուած նոր ծրագրի բովանդակութիւնը մանրամասնութեամբ ներկայացուց առաջնորդարանի Միջեկեղեցական գրասենեակի պատասխանատու Հայկ Մատոյեան:
Համաժողովի հիմնական նիւթերուն քննարկումէն յետոյ` Մեսրոպ քհնյ. Աշ հրաւիրեց օրուան բանախօսը, Մանսֆիլտի Սուրբ Գրիգոր Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն եւ ուսուցչուհի` Դիան Կատինասը: Ան ժողովին մասնակիցներու հետ կիսեց իր փորձառութիւնը, ներկայացնելով, թէ այսօր ինչպէս կրնանք կառավարել եւ արդիւնաւետ ձեւով փոխանցել մեր քրիստոնէական գիտելիքները՝ աշակերտներուն:
Համաժողովի վերջաւորութեանը Յովնան արք. Տէրտէրեանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց տիկին Կատինասին` նիւթի ներկայացման համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ ուսուցիչներուն` իրենց նուիրումին ու մեր նոր սերունդը կրօնաբարոյական գիտելիքներուն հաղորդ պահելուն համար։
Դիւան Առաջնորդարանի