
Լիբանանի Հայոց թեմի կարիքներուն աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերուն մէջ վերջին օրերուն սկսած հանգանակութեան առաւել մղում տալու հեռանկարով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յիշեալ թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն եւ Ազգային վարչութիւններուն յղած յատուկ նամակով թելադրեց Անուշաւան արք. Դանիէլեանին եւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին Անթիլիասի Մայրավանք գալ:
Առաջնորդ սրբազանները խորհրդակցութիւն պիտի ունենան վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ թեմի Ազգային վարչութեան հետ:
Այս առիթով, կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէ վերոյիշեալ թեմերուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր կառոյցներուն եւ ազգայիններուն, որոնք օժանդակեցին ու կը շարունակեն օժանդակել Լիբանանի հայութեան՝ հաւատալով անոր վերականգնումի անյետաձգելի հրամայականին: