ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա կը պատրաստուի Թուրքիոյ հետ կնքել «S-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու նոր խմբաքանակի մատակարարման համաձայնագիր մը։ Այս մասին յայտնեց «ԹԱՍՍ»ը:
Ըստ աղբիւրին՝ այս լուրը հաղորդեց ռուսական «Ռոսոպորոնէքսփորթ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Միխէեւ եւ նշեց, որ Թուրքիոյ հետ այս հարցով բանակցութիւնները արդէն եզրափակիչ փուլին հասած են: