ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին խնդրեց աջակցիլ Ռուսիոյ կողմէ պահուող առաւել քան 100 Ղրիմի թաթարներու ազատ արձակման հարցին մէջ:
Լուրը հաղորդեց Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմը: Էրտողան իր կարգին նշեց, որ «Ղրիմեան» հարթակի ստեղծման առաջին իսկ օրերէն, Թուրքիա աջակցած է եւ պիտի աջակցի այդ հարթակի աշխատանքներուն:
Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Էրտողան շնորհաւորեց Ուքրանիոյ անկախութեան 30ամեակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուքրանացի փրկարարներուն եւ հրշէջներուն՝ Թուրքիոյ մէջ անտառային հրդեհներու մարման աշխատանքներուն իրենց մասնակցութեան համար: