ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայաստանէն արուեստագէտ Աննա Աննուկ Սողոմոնեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէս մը կը կազմակերպուի «Անզոհ» ցուցադրասրահին կողմէ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 6էն 8 Օգոստոսին, «Աննային Պատմութիւնները» ընդհանուր խորագիրին տակ։
Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 6 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6էն 9։
Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 1125 S Central Ave․, Glendale, California 91204։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել sevadaseda@yahoo.com հասցէին կամ (818) 748-7388 թիւին։