

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն»․- 26 Յուլիսէն 31 Օգոստոս, Ստեփանակերտի մէջ պիտի իրականացուի «Երգող Արցախ» խորագիրով համաարցախեան մանկապատանեկան երգչախմբային ծրագիրը:
Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 10-15 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ: Ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ ամիս, ամէն օր առաւօտեան ժամը 11էն կէսօրէն ետք ժամը 1, բացառութեամբ՝ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն:
Ծրագիրի ղեկավարն է Շուշիի «Վարանդա» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան: