ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկի (AFFMA) շարժապատկերի «Արփա» միջազգային 24րդ փառատօնը համաճարակին պատճառով, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ առցանց, 21 Նոյեմբերէն 5 Դեկտեմբեր:
Այժմ տեղի կ՛ունենայ փառատօնին ներկայացուած ֆիլմերուն ընտրութիւնը, իսկ փառատօնին յայտագիրը եւ ֆիլմերը պիտի ծանուցուին շուտով։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը: