«Սապիլ»ը, որ արաբերէնով կը նշանակէ «ճամբայ», «ալիք» կամ «աղբիւր», միջ-եկեղեցական, տիեզերական (ecumenical) կեդրոն մըն է Երուսաղէմի մէջ։ Անիկա կը միտի սատարել ազատագրական աստուածաբանութեան հասկացողութիւնը եւ կիրարկումը: Անիկա Պաղեստինի Քրիստոնեայ համայնքին մէջ գործող աշխոյժ կազմակերպութիւն մըն է, որ կը կեդրոնանայ ազատագրական շարժումին եւ անոր հասկացողութիւններուն ու կիրարկումներուն վրայ: «Սապիլ»ը կը ձգտի Աւետարանը եւ անոր հասկացողութիւն-բացատրութիւնը դնել հաւաքականութեան մէջ եւ անոր տալ իմաստ՝ մեկնելով նոյն այդ հաւաքականութեան ընկերային-լեզուական եւ մշակութային հասկացողութիւններէն: Եւ թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն, մեկնելով իր քաղաքական, մշակութային, պատմական եւ ընկերատնտեսական վիճակներէն՝ պիտի ընկալէ-հասկնայ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը եւ կիրարկէ զայն իր կեանքին մէջ:
«Սապիլ» կազմակերպութիւնը կը ձգտի մշակել հոգեւոր հասկացողութիւն-ըմբռնում մը՝ հասնելու համար արդարութեան, խաղաղութեան, ոչ-բռնութեան եւ համակեցութեան իրականութիւներուն՝ տարբեր հաւաքականութիււներու մէջ: Անիկա նաեւ կը ձգտի միջազգային համակարգին մէջ ծանօթացնել եւ իրազերկ դարձնել Պաղեստինի Քրիստոնեայ համայնքի ինքնութիւնը եւ հաւաքական կեանքին մէջ անոնց ներկայութիւնը ու իրենց վկայութիւնը: Անոր առաքելութիւնը կը կայանայ Ազատագրումի աստուածաբանութեան Քրիստոնէական հաւատքի արմատաւորումէն՝ հոն, ուր հաւաքականութեան կեանքը կ՛ապրի բռնարարքներու, բռնութեան, անարդարութեան եւ խտրականութեան պարագաներու եւ պայմաններու մէջ:
«Սապիլ»ի հիմնադիրն է պաղեստինցի Անկլիքան համայնքի Սուրբ Գէորգ տաճարի նախկին կղերական վեր. Նաաիմ Աթիք:
«Քորնըրսդոն»ը (Cornerstone) «Սապիլ»ի պարբերաթերթն է, որ ունի ծաւալուն տարածում: Անոր սոյն թիւը նուիրուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մարտահրաւէրներուն: Անիկա փորձած է վեր առնել նաեւ հայ ժողովուրդի հսկայական մշակութային ժառանգը՝ կեդրոնանալով Երուսաղէմի հայոց մատուցած մեծ ներդրումին եւ տարբեր մակարդակներու մէջ: Անոր մէջ արծարծուած է Ցեղասպանութեան իրողականութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ու անոր պատմութեան մասին վկայութիւնները պաղեստինցի հայ եւ արաբ մտաւորականներու կողմէ:
Թիւին մէջ տեղ գտած է նաեւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի յօդուածը:
Շահեկան հրատարակութիւն մըն է այս՝ նուիրուած հայ ժողովուրդին: Յատկանշական է, որ այս հրատարակութիւնը կու գայ ժողովուրդ-հաւաքականութենէ մը, որ կ՛ապրի շատ մը գոյութենական մարտահրաւէրներ՝ ի մասնաւորի ներկայ օրերուն: Եւ իր գոյութեան համար պայքար մղող ժողովուրդ մը կրնայ լաւապէս հասկնալ «ուրիշի» մը տագնապը: