ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Ուրբաթ, 4 Յունիսին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ – AMAA) գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան իր կողակիցին՝ Սոնային հետ ժամանեց Հալէպ: Ան դիմաւորուեցաւ համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմինին, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու ժողովներուն, հովիւներուն եւ կազմակերպութիւններու մարմիններուն կողմէ:
Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ծանօթացման հանդիպում մը: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ խօսք առնելով՝ բարի գալուստի խօսքեր արտասանեց: Հանդիպումին ընթացքին իւրաքանչիւր մարմին տեսերիզով ներկայացուց իր տարեկան գործունէութիւնները եւ հետագայ մարտահրաւէրները:
Խանճեան իր սրտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց հաստատակամ աշխատանքին եւ դիմադրութեան ոգիին համար, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի ճգնաժամային օրերուն: Ապա խօսք առաւ Սոնա Խանճեան՝ դիտել տալով, որ Սուրիոյ արհաւիրքի տարիներուն, քաջատեղեակ ըլլալով տեղի ունեցած իրավիճակէն՝ ամէն ջանք ի գործ դրած են սուրիահայութեան սատար հանդիսանալու, ամոքելու անոր ցաւը եւ օժանդակելու ամէնօրեայ դժուարութիւններու յաղթահարման գործին:
Երեկոն վերջ գտաւ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի փակման խօսքով, որուն յաջորդեց հաղորդակցական պահ «Շիրաճեան» սրահին մէջ: