Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այս շարքին նախորդ երկու սիւնակներով (http://asbarez.com/arm/389327 եւ http://asbarez.com/arm/389614), հպանցիկ ուրուագծումը կատարեցինք այն մթնոլորտին եւ խաղաքարտերուն (ո՛չ բոլորին), որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն մեր հայրենիքի քաղաքական հրապարակին, սկսեալ՝ խորհրդարանի լուծարքը կանխած շաբաթներէն: Շեշտեցինք նաեւ, որ այս ընտրութիւնները հիմնական, էական տարբերութիւն ունին նախընթացներէն, որովհետեւ տեղի պիտի ունենան ահաւոր պարտադրանքներու «հովանիին» տակ: Այդ պարտադրանքներուն աղբիւրը՝ 44օրեայ պատերազմն էր, անոր հետեւած զարգացումները, բայց մանաւանդ՝ ստեղծուած վատ վիճակը, որ մեզ մատնած է պատմական աղէտի մը ենթակայի կացութեան:
Ընտրողը, հայրենի հողեր եւ բազմահազար նահատակներ տուած քաղաքացին, անօթեւան մնացած բազմատասնեակ հազարաւոր ընտանիքներ, մանաւանդ ազերիական ուղղակի սպառնալիքի տակ ինկած սահմանային գօտիներու բնակիչներ (եւ ո՛չ միայն անոնք) հիմա պիտի սպասեն, թէ պայքարի դաշտ մտնողները ի՞նչ ծրագիրներով, շօշափելի ի՞նչ հաւաստիքներով ու երաշխիքներով պիտի փորձեն բարեշրջում յառաջացնել մօտաւորապէս 8 ամիս առաջ ծայր տուած գահավէժ ընթացքին մէջ (պահ մը մէկդի ձգենք այն բանավէճը, թէ «իմքայլական» իշխանութիւնը արդեօք ի՞նչ իրագործեց իր բարի եւ իսկապէս յուսատու սկզբնական խոստումներէն):
Իր Կիրակիի յայտարարութեանց մէջ, Ռ. Քոչարեան տուաւ դրական նախանշաններ, թուեց քանի մը առաջնահերթութիւն, ինչպէս՝ անվտանգութիւն, Արցախ եւ տնտեսական վերականգնում, առանց անտեսելու կրթութեան, մշակոյթի եւ, մէկ խօսքով՝ հայրենիքի կեանքին տարբեր բնագաւառներու բարեկարգումը, ներդրումներու եւ գործի առիթներու ապահովումը: Ուրիշներ նուազ յստակութեամբ տուած են նմանօրինակ խոստումներ, իսկ իշխանութիւնը, որ ի սկզբանէ հրապարակ եկած էր թէ իր յատկանիշը… գաղափար (-իզմ) չունենալն է, կը հաւաստէ, որ (եթէ աչք փակուի իր տկարութեանց, նահանջներուն եւ պատճառած իրական անկումներուն վրայ, որոնց ամբողջ մեղքը մի՛շտ կը նետէ «նախկիններ»ու ճիտին) Հայաստանի մէջ «ապագայ կա՛յ» (ի դէպ, ո՛չ ոք պէտք է կասկածի: Այո՛, որ մեր հայրենիքին մէջ ապագայ կայ, ի հեճուկս այն տեղեկագիրներուն, թէ՝ վերջին չորս ամիսներուն, Հայաստանէն արտագաղթած է աւելի քան… 75 հազար հոգի):
Այլ խօսքով, ժողովուրդին աչքերը այսօր ուղղուած են ո՛չ միայն յառաջիկայ շուրջ 40 օրերուն, սպասելով, թէ ի՞նչ տեսակի «փիղ կամ մուկ» պիտի ծնի կառավարական թսխուող հաւկիթէն, այլ նաեւ՝ շատ աւելի հեռուները: Երկրին մէջ բնակողը (Հայաստան եւ Արցախ), արտագաղթողը, արտերկրի զանգուածները պիտի ուզեն տեսնել, ՇՕՇԱՓԵԼ, թէ յաջորդ խորհրդարանը պիտի ըլլայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ, ՏԵՍԼԱԿԱՆՆԵՐՈՒ եւ ԱՐԴԱՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒ, հին ու նոր պահանջներու իրականացման «ճամբու քարտէս»ը մարմնաւորող կազմ մը, որմէ ծնունդ առնէ համապատասխան տեսլականներով գործադիր իշխանութիւն մը: Ահա՛ թէ ինչով կը տարբերին այս ընտրութիւնները՝ նախկիններէն: Հոս արդէն լինել-չլիներու տարողութեամբ հարցեր կան օրակարգի վրայ: Իսկ եթէ ընտրապայքարը զարգացնենք «ընթացիկ» եւ սովորական ոճով, պիտի նշանակէ, թէ իսկապէս չենք ըմբռնած, թէ 44օրեայ պատերազմը ի՛նչպիսի ահագնութեամբ աղէտ մըն էր:
ԱՆՁԵՐԸ ԿԱՐԵՒՈՐ, ՍԱԿԱՅՆ…
Սպասումներուն շարքին, առաջնահերթ եւ կենսական տեղ ունին, ուրեմն, իշխանութեան, առանձին կուսակցութեանց եւ դաշինքներուն գաղափարներն ու գործնակա՛ն վերականգնումի պատկերացումները, սակայն եկէ՛ք, ընդունինք, որ ցարդ ի յայտ եկած նախանշանները ենթադրել կու տան, որ անձերը, անհատները գրաւած են առանցքները (խորհրդային օրերուն ալ այդպէս էին, այլ երկիրներու մէջ ալ նման վիճակներ կան): Սա ճիշդ է իշխանութեան խրամատներուն մէջ, ճիշդ է անոր կողքին կանգնելու պատրաստուողներուն, նաեւ հակադիր ճակատի խմբաւորումներուն համար: Այլ խօսքով, Փաշինեանի անձը կը ներկայացնէ բեւեռներէն մէկը, երկրորդ գլխաւոր բեւեռն է (կ՛ըսուի) Քոչարեան, իսկ այլ ախոյեաններ են, օրինակի համար, Գագիկ Ծառուկեան, Էտմոն Մարուքեան, որոնք թեկնածու են վարչապետի պաշտօնին (վաղն ալ՝ ուրիշներ):
Դրսեւորուած տեսակէտները հետեւեալ պատկերը կը կազմեն (ոչ ամբողջական:) Հրաժարեալ իշխանութիւնը, եթէ ո՛չ բառերով, գէթ իր գործելակերպով (եւ որոշ չափով ալ դուրսերէն «պարտադրուած» տարազներով) յառաջ կը տանի այն գիծը, թէ Արցախի մէջ պատահածը պէտք է ընկալել իբրեւ «եղածը եղած է», անոր պատասխանատուութիւնը պէտք է տեղադրել առաւելաբար նախորդ վարչակազմերուն ուսերուն, եւ այս մօտեցումով ալ, Հայաստանի եւ Արցախի ապագային սեւեռիլ այն տրամաբանութեամբ, որ առայժմ պէտք է բաւականանալ մեզի ձգուածով, փորձենք ապագան կերտել շօշափելի ա՛յս գետինին վրայ, արգիլել «նախկիններուն» վերադարձը(*): Հակադիր շրջանակներուն տեսակէտը չի համապատասխաներ այս՝ «յարմարուողական» տրամաբանութեան, նկատի ունի աւելի յանդուգն վերականգնում եւ կորուսեալներուն վերատիրացումի հորիզոն, հետեւաբար, անկէ կը սպասուի, որ իր յառաջիկայ աշխատանքներով եւ ընտրական քարոզչութեամբ, ցոյց տայ, թէ ինչպիսի՛ մասնագիտական եւ ատակ՝ բոլորդ բնագաւառներուն մէջ մասնագէտներէ կազմուած՝ աւելի՛ արդիւնաւոր եւ ձեռներէց ԽՈՒՄԲՈՎ մը (եւ ո՛չ միայն անուն հանած անհատներով) պիտի փորձէ գլուխ հանել դժուարին առաքելութիւնը: Անհատները անկարեւոր չեն, սակայն…: Նոյնքան կարեւոր ոլորտ է շրջանային եւ աւելի հեռակայ բարեկամներու հետ կապեր վերականգնելու կարողութեան ապացուցումը:
ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ «ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ»Ը
Վեց ամիս առաջ, «անցումային կառավարութիւն» մը կազմելու ընդդիմադիրներուն հեռանկարները չիրականացան ծանօթ եւ բազմապիսի պատճառներով: Ընտրապայքարի ընթացքին, ապա նաեւ անկէ ետք, երկիրը՝ Հայաստանով ու Արցախով (ինչ որ մնացած է անկէ) պիտի գտնուին ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿի մէջ, այսինքն, յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք ալ, անդունդէն վեր բարձրանալու ճիգը մեզ բոլորս՝ իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր, հայրենաբնակ թէ արտերկրացի, երկար ատեն պիտի պահէ ԴԷՊԻ ԼԱՒԸ անցնելու փուլի մը մէջ: Տեւողութի՞ւնը. որոշ չափով կախեալ է մեր գործակցական հմտութեան վերականգնումէն:
Այսօր յստակ է, որ մեր դիմաց կան անմիջական, միջին հեռաւորութեամբ եւ աւելի հեռուն տարածուող ապագաներուն իրականացուելիք առաջադրանքներ: Թուումի կարգով կարելի է արձանագրել գլխաւորները: Գերիներու վերադարձը, բանակի վերականգնումը (եւ սա պէտք չէ սկսիլ այն կէտէն, թէ անցեալ տասնամեակներուն բանակ չենք ունեցած. հրաժարեալ վարչապետը հոս ալ լարախաղացութիւն մը կատարեց Գեղարքունիքի մէջ, երբ գովասանքով խօսեցաւ այն բանակին մասին, որուն հասցէին հիմնովին այլ վկայութիւններ տուած էր վերջին ամիսներուն, քանիցս), Արցախի ու Հայաստանի բոլոր հողերուն ապահովումն ու սահմաններուն արդար ճշգրտումը (պատմական անառարկելի տուեալներու հիմամբ, եւ ո՛չ թէ ազերիական «Ճի.Փի.Էս.»ներով), տնտեսական ու ընկերային տագնապներու, ազգային դիմագիծի եւ կրթական-ուսումնական հայեցակարգի վերականգնում. տակաւին՝ աշխարհին հետ քայլ պահող քաղաքական-դիւանագիտական գործի վերադասաւորման, բարեկամին ու թշնամիին հետ վարուելու նրբութեանց վերաբանաձեւման եւ հազար ու մէկ հարցեր սկսած են նոր ակնկալութիւններու եւ յոյսերու նախա-ալիքներ տարածել Հայաստանի մէջ: Խմորուող յոյսերը պէտք է շօշափելի խարիսխ ունենան:
Մասնայատուկ կարեւորութիւն պիտի ունենայ վերջին ու նախընթաց պատերազմներուն շուրջ անաչառ քննութեանց եւ համապատասխան՝ ԱՐԴԱՐ հետապնդումներու ձեռնարկումը՝ իրականութիւնն ու կեղծիքը իրարմէ զատելու կամքով ու նախանձախնդրութեամբ:
Ամէն բանէ առաջ, եւ ամէն բանէ աւելի՝ ժողովուրդը կը սպասէ, որ ներքին երկփեղկումները, բաժանուածութիւնը, ատելութեան եւ ներքին թշնամանքի վիճակը անյապաղ դարմանուի, որպէսզի վերջ գտնեն «հին ու նոր»ի, ««յեղափոխական-հակայեղափոխական»ի, «սեւ-սպիտակ»ի եւ նմանօրինակ «տարբաղադրում»ները: Ճիգերու եւ կարողականութեանց յումպէտս վատնումի էջը պէտք է փակել ընդհանրապէս: Թող տարակարծութիւններէն ու բանավէճերէն բարիք բերուի հայրենիքին եւ ազգին:
Պէտք է լիարժէքօրէն վերականգնենք այն հասկացութիւնը, որ մենք ունինք ՄԷԿ ԳԼԽԱՒՈՐ ԹՇՆԱՄԻ՝ թուրք-ազերիական համաթուրանականութիւնը (որ թիրախ ունի նաեւ այլ երկիրներ ու ժողովուրդներ): Յաջորդ «փոխանցման շրջան»ը, եւ ո՛չ միայն փոխանցման կառավարութիւնը պիտի ըլլայ, պէ՛տք է ըլլայ Հայաստանին ու հայութեան բարիքով մտահոգ, նախանձախնդիր ԲՈԼՈՐ ուժերուն ձեռքերու միացման փուլը: Իշխանութիւն-ընդդիմադրութիւն արժէքները պէտք է հասցնենք իրենց իսկութեան, վերջ տալով այս կամ այն անհատը-առաջնորդը ինքնանպատակ մերժելու «քաղաքականութեան», որմէ, տեսանք, բարիքներ չծնան:
ՍՓԻՒՌՔԻ «ՁՈՒԼԱՐԱՆ»Ը
Մասնաւորաբար վերջին ամիսներուն, Հայաստան-Արցախը միայնակ կիզակէտի վերածուած են, եւ՝ արդա՛րօրէն: Իրողապէս երկրորդականացած-երկրորդականացուած է Սփիւռքը, որուն գոյութիւնը լոկ ինքնանպատակ ներկայութիւն չէ, այլ անոր սիրտը կը բաբախէ հայրենիքի իւրաքանչիւր վերիվայրումին համահունչ:
Կարելի է այստեղ ալ երկար խօսիլ Սփիւռքի դերին եւ հայրենիքէն արդար ակնկալութիւններուն մասին, սակայն բաւականանանք քանի մը նշումով: Սփիւռքի հայը եւս մեծ ակնկալիքներով կը հետեւի հայրենի իրադարձութեանց, պիտի հետեւի ընտրապայքարին: Ան ալ իրաւունք ունի սպասելու, որ նախընթաց վարչակազմերու օրով տեղի ունեցած յոռի իրականութիւնները չվերադառնան, այլ հայրենաշինութիւնը, հայրենիքի պաշտպանութիւնն ու մեր ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ կենսագործումը մտնեն յաջորդ իշխանութեան օրակարգին մէջ, շրջադարձի ենթարկելով վերանկախացումէն ասդին աշխարհին կողմէ մեզի պարտադրուած աննպաստ պայմաններուն համակերպումը (օրինակի համար, անվիճելիօրէն միջազգային ընտանիքին աչքին փաստել, թէ Արցախը հայապատկան էր եւ է, Արեւմտեան Հայաստանը հայապատկան էր եւ պիտի ըլլայ…): Պէտք է նաեւ գործնապէս փարատել այն իրական ու շինծու առասպելները, թէ նախկինները միայն կողոպտած են երկիրը (թաւիշով եկողները իրենց ձեւերը գտան նմանակելու նախկինները, օրինակ՝ հնարելով պարգեւավճարի դրութիւնը: Անցեալ շաբաթավերջին, հաղորդուեցաւ, որ օլիկարգները 2020ին աւելի քան 225 միլիառ դրամի վնաս պատճառած են՝ այս «դասակարգը» բնաջնջելու խոստումով եկած կառավարութեան պիւտճէին):
Հայրենանուէր, հայրենիքով ապրող Սփիւռքը այլապէս արդար սպասումներ ունի հայրենիքէն, որ այսօրուան իր վիճակին մէջ բնականաբար անկարողութեան մատնուած է հասնելու իրեն: Պէտք է վերյիշել, որ Սփիւռքի մէջ բանող ձուլարանէն ոսկի ու արծաթ չեն ծորիր…
ՓՈԽԱՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԵԱՆ
…Տարի մը առաջ, Միացեալ Նահանգներ լայնքին-երկայնքին բռնուեցան իշխանափոխութեան ընտրապայքարի մէջ: Տանըլտ Թրամփ կոչեցեալ «նարինջ-մարդ»ը, իր իշխանութեան չորս տարիներուն, ահաւոր վնասներու ենթարկեց, անկումէ անկում տարաւ այս գերպետութիւնը (ո՛չ զինուժի իմաստով), միջազգային բեմին վրայ ստեղծեց մեկուսացումի վիճակներ: Ճօ Պայտըն, որ ի վերջոյ շահեցաւ նախագահական ընտրապայքարը, հսկայական գործ ունէր իր դիմաց, ո՛չ միայն Պսակաւոր ժահրի համաճարակին հետեւանքներու դիմականման, այլ նաեւ բազմաթիւ դաշտերու մէջ արձանագրուած անկումները վերականգնելու իմաստով: Վերջերս, ան բոլորեց իր իշխանութեան առաջին հարիւր օրերը: Ընդհանուր գնահատականները եղան այն, որ ան արդէն որոշ յաջողութիւններ արձանագրած է նախորդին ձախաւերութիւններէն ետդարձի ճամբաներուն վրայ (ներքին եւ արտաքին քաղաքական-ընկերային մարզերու մէջ, մեր դիտանկիւնէն՝ Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ այլն): Դրական նշանները չեն ընդգրկեր բոլոր կալուածները:
Հայաստանի եւ Արցախի պարագան հիմնական տարբերութիւններ ունի, սակայն տեղ մը կայ վերջին շրջանի – նաեւ աւելի կանուխ անցեալի – ձախողութիւններէն ու անկումներէն դուրս գալու, դէպի իսկական բարեփոխութիւն տանող ճամբան մտնելու անվիճելի սպասում մը: «Թաւշեայ յեղափոխութեան» լաւ սկիզբն ու անբարեյոյս վախճանը չեն կրնար ու պէտք չէ «նախընթաց» ծառայեն յաջորդ իշխանութեան, որովհետեւ յուսախաբութիւնն ու հիասթափութիւնը չեն կրնար… սովորութեան վերածուիլ: Պայտընէն շա՛տ աւելի մեծ դժուարութիւն պիտի դիմագրաւենք, սակայն այլ ընտրանք չունինք: Հոս կ՛արդարանայ նախագահ Սարգսեանի «պիտի յաղթենք»ը: Իսկ մօտիկ անցեալի անկումներէն վերականգնելէ ետք, պէտք ունինք ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ եւ ՀԵՌԱՀԱՍ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ մշակման, անոնց շուրջ բոլորման եւ անվերապահ գործակցութեան, մարտահրաւէրներ՝ որոնցմէ կախեալ է մեր ապագան. անոնք կը բխին հայրենիքին նուիրեալներու նահատակութեան պատգամէն:
Հայաստանի ու հայութեան չքացումը այլընտրանք չեն:
10 Մայիս 2021
(*) Սովորական դարձած է իշխանութեան կամ նախկիններու առնչութեամբ «վերարտադրութիւն» եզրին գործածութիւնը, կարծէք, թէ անոնք ըլլային կօշիկ, սարք, հագուստ եւ այլն: