ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 14 ուսանողներ վերջերս յաջողութեամբ ամբողջացուցին 11 շաբաթներու վրայ երկարած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի 2021ի գարնանային վարժողական ծրագիրը, որուն ընթացքին անոնք մասնակցեցան դաստիարակչական ծրագիրներու, աշխատանիստերու եւ հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ իրականացուցին Հայ Դատի ջատագովման նպաստող շարք մը անհատական եւ խմբային ծրագիրներ:
Յատկանշական է, որ գարնանային վարժողական ծրագիրին մասնակցողները հետեւած էին նաեւ յանձնախումբին աշնանային վարժողական ծրագիրին, որ համաճարակին պատճառով իրականացաւ առցանց։ Անոնք կարեւոր աշխատանք տարին Արցախի վրայ ատրպէյճանաթրքական յարձակումին ընթացքին՝ մօտէն հետեւելով լրատուամիջոցներուն․ ընկերային ցանցերու միջոցաւ իրադարձութիւններուն մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաղորդելով եւ այլ նախաձեռնութիւններ իրականացնելով։ Գարնանային ծրագիրը եւս առցանց իրականացաւ։
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը բախտաւոր է, որ խանդավառ եւ նուիրեալ երիտասարդներու խումբ մը մասնակցեցաւ այս վարժողական ծրագիրին, որ կը նպաստէ համայնքին եւ հայ ազգի ապագայ ղեկավարները թրծելու կազմակերպութեան ջանքերուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութիւններու բաժինի վարիչ Վերժինի Թուլումեան։
Գարնանային վարժողական ծրագիրին մասնակցողներն էին՝ Մարի Անդրանիկեան (Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղ), Ֆիյունէ Պազկոշա (Կլենտէյլի համայնքային համալսարան), Արին Պոյաճեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ), Քրիսթինա Շիրեանեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղ), Քնար Գեղամեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ), Միշա Կիւրէղեան-Հոլ (Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան), Անուշ Յակոբեան (Փորթլընտի համալսարան), Քրիսթին Յակոբեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ), Շանթ Քլուճեան (Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան), Յովիկ Մանոյեան (Փոմոնային «Քալ Փոլի» համալսարան), Սերենա Փելենկեան («Օքսիտենթըլ» համալսարան), Սէրլի Փօլատեան (Փասատինայի քաղաքային համալսարան), Քրիսթըֆըր Ռայպըս (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ) եւ Փիթըր Թանգիկեան («Պրաուն» համալսարան)։
Վարժողական ծրագիրին մասին մասնակցողներուն տպաւորութիւնները լսելու համար այցելել https://ancawr.org/press-release/14-interns-complete-anca-wr-spring-2021-internship-program/ կայքէջը։
Վերջին 15 տարիներուն, շուրջ 150 ուսանողներ մասնակցած են Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներուն եւ անոնց մեծ մասը համայնքին գործօն անդամները դարձած է։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրը սկսած է գործելու 2006ին, հանրային քաղաքականութեան մարզին մէջ կարեւոր փորձառութիւն ձեռք ձգելու առիթներ ապահովելու համար երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու եւ համալսարանական հայ ուսանողներու:
Նշենք, որ 14 Յունիսին պիտի սկսի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ամառնային վարժողական ծրագիրը։
Ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://ancawr.org/initiatives/anca-wr-internship-program կայքէջը։