Շաբաթ, 15 Մայիսի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի ընդհանուր հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցաւ համայնքային բողոքի ցոյց մը, դատապարտելու համար Սիւնիք ներխուժելու՝ Ատրպէյճանի քայլը։
Պաշտօնական ձեռնակին ընթացքին ելոյթներ ունեցան համայնքային շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան թեմերու առաջորդներ՝ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։
Մեր ,Օրուան Սլաքի սիւնակով կու տանք ցոյցին ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տոքթ. Քարմէն Օհանեանի արտասանած խօսքը։
Լուսանկարները՝ Մալքըմ Ժանսընին