ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, ՀՕՄ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը դրամաշնորհ ստացած էր Լոս Անճելըս գաւառի «Քովիտ-19»ի Համայնքային Հաւասարութեան հիմնադրամէն, իրականացնելու համար համաճարակին տարածումը զսպելու նպատակով համայնքը իրազեկելու եւ պատուաստումներուն աջակցելու աշխատանքներ:
Այս ծրագրին միջոցով, ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը գործընկերութեան մէջ մտած է՝ դառնալով մէկ մասնիկը համայնքին խնամքի համակարգին, սպասարկութիւններ մատուցելու ամար յատկապէս անոնց, որոնք շատ ազդուած են «Քովիտ-19»էն, ինչպէս՝ դժուարամատչելի եւ անբաւարար եկամուտ ունեցողները:
Ծառայութիւնները կեդրոնացան «Քովիտ-19»ի մասին նորութիւններ տրամադրելու, իրազեկութեան բարձրացում, աղբիւրներ (ներառեալ՝ տեղեկատուութիւն քննութիւններու եւ պատուաստումի վայրերու մասին) եւ պաշտպանիչ սարքաւորումներ եւ համայնքին այլ օժանդակութիւններ մատակարարելու աշխատանքին վրայ: ՀՕՄը նաեւ թանգմանական սպասրակութիւններ կը տրամադրէ։
Արդէն իսկ առաւել քան 500 անձեր օժանդակութիւններ ստացած են,աւելի քան 100 ուրիշներ ՀՕՄի միջոցաւ կրցած են պատուստներ ստանալ, իսկ Կլենտէյլի մէջ շուրջ 50 հաստատութիւններ պաշտպանիչ սարքաւորումներ եւ անձնակազմերուն ու յաճախորդներուն հետ ապահով կերպով յարաբերելու մասին խորհուրդներ ստացած են։ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին անձնակազմը այս բոլորին համար շաբաթական մարզումներու եւ աշխատանիստերու կը մասնակցի, ինչպէս նաեւ կամաւոր սպասրակութիւններ կը մատուցէ պատուաստումի կեդրոններուն մէջ։
ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենակները յանձնառու են ցած եւ չափաւոր եկամուտով անհատներուն եւ ընտանիքներուն համապարփակ ընկերային ծառայութիւններ մատուցելու Կլենտէյլի, Փասատինայի եւ Հոլիվուտի գրասենեակներուն միջոցով: Ծառայութիւնները կը ներառեն գործերու կառավարում, ձեւաթղուղթերու լրացում, բնակարանային եւ փոխադրութեան հարցերու օգնութիւն, անգլերէնը՝ իբրեւ երկրորդ լեզու եւ կեանքի հմտութիւններու դասընթացքներ, տարեցներու ծառայութիւններ, աշխատանքի ծառայութիւններ, գաղթականներու-երիտասարդութեան խորհրդատուութիւն, անօթեւանութեան կանխարգիլում եւ այլն:
ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գլխաւոր գրասենեակը կարելի է դիմել՝ հեռաձայնելով (818) 241-7533 թիւին կամ գրելով ե-նամակի socialservices@arswestusa.org հասցէին: