Հինգշաբթի, 25 Մարտի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարան այցելեցին երիտասարդ եղբայրներ՝ Հայկ եւ Շահան Գազանճեաններ, եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի յայտնեցին իրենց խանդավառութիւնը՝ ամէն Կիրակի պատկերասփիւռով սփռուող «Եկեղեցին Հայկական» յայտագիրի նորովի ներկայացման կերպին եւ բնոյթին մասին, որ «լրատուութեան կողքին ունի նաեւ ուսուցողական եւ դաստիարակչական ներդրում՝ մեր ժողովուրդի եւ յատկապէս հայ երիտասարդութեան կեանքին մէջ»։ Եղբայրները այս առիթով տասը հազար տոլար դրին առաջնորդին տրամադրութեան տակ, առ ի գործածութիւն «Եկեղեցին Հայկական» յայտագիրին առաւել արդիականացման:
Սրբազանը բարձր գնահատեց Գազանճեան եղբայրներուն օրինակելի վերաբերումը եւ գործոց յաջողութիւն մաղթեց անոնց:
Յիշեցնենք, որ «Եկեղեցին Հայկական»ը ամէն Կիրակի առաւօտեան ժամը 9ին կը սփռուի USARMENIA պատկերասփիւռի կայանէն ու «Հորիզոն»էն, եւ նոյն օրը ժամը 2ին կը կրկնուի քրիստոնէական ICFN կայանէն: Յայտագիրին նաեւ կարելի է հետեւիլ համացանցի վրայ (Youtube եւ Facebook-Armenian Prelacy of the Western United States):