ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Տասնեակներով հայ ցուցարարներ 26 Մարտին բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին, այս անգամ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին առջեւ՝ դատապարտելով Ատպէյճանը զինելու՝ Իսրայէլի քայլերը։
Նման ցոյց մը տեղի ունեցած էր նաեւ Պաքուին զէնք ծախող իսրայէլեան ընկերութեան կեդրոնատեղիին առջեւ։
Ելոյթ ունեցողներուն շարքին էին իսրայէլեացի յայտնի պատմաբան եւ մտաւորական Եայիր Օրոն։
Ցոյցը կազմակերպուած էր Իսրայէլի հայ համայնքներու միութան կողմէ։