
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի առաջադրած եւ Միչ Օ՛Ֆերըլի աջակցութիւնը վայելող բանաձեւ մը, որ կը վերահաստատէ Լոս Անճելըս քաղաքին աջակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, թէ Լոս Անճելըս քաղաքը միշտ զօրակցած է Արցախի Հանրապետութեան բնիկ հայ ժողովուրդին, որ հերոսաբար հռչակեց իր անկախութիւնը Խորհրդային Միութենէն եւ Խորհրդային Ատրպէյճանէն, ընտրելով ինքնորոշման ժողովրդավարական ճամբան:
«Արցախի ժողովուրդին պատմական պայքարը, ներառեալ՝ 1991-94ի յաղթանակով պսակուած անկախութեան համար պատերազմը, նման է ժողովրդավարական պետութիւն կերտած բոլոր ժողովուրդներու պայքարին», կը նշուի բանաձեւին մէջ:
Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կայ 2013ին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին
կողմէ պաշտօնապէս եւ միաձայնութեամբ ընդունուած փաստաթուղթին, որմով Արցախի
Հանրապետութիւնը ճանչցուեցաւ՝ իբրեւ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, ինչպէս նաեւ քաղաքին Դեկտեմբեր 2020ի փաստաթուղթը, որուն մէջ կը նշուի որ «քաղաքապետական խորհուրդը կը վերահաստատէ իր նուիրուածութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան պայքարին աջակցելու առաքելութեան եւ անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին, կոչ ընելով նաեւ Ամերիկայի դաշնակցային իշխանութիւններուն, որ հետեւին իր օրինակին»:
Բանաձեւը կը դատապարտէ 27 Սեպտեմբեր 2020ին սկսած Ատրպէյճանի լայնածաւալ ռազմական յարձակումը եւ անոր մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը։
«Ատրպէյճանական զինուած ուժերը եւ անոնց վարձած ահաբեկիչները սարսափելի
ոճրագործութիւններ իրականացուցին, ներառեալ՝ սպանութիւն, անդամահատում,
չարչարանքեր խաղաղ բնակչութեան եւ ռազմագերիներու նկատմամբ, պղծելով սրբավայրեր եւ
պատմամշակութային կոթողներ, ինչպէս նաեւ վնաս հասցնելով քաղաքացիական ենթակառոյցներուն», կը նշուի բանաձեւին մէջ, որ նաեւ կը դատապարտէ այն իրողութիւնը, որ 9 Նոյեմբերի զինադադարէն ետք իսկ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կը շարունակեն վայրագութիւնները եւ բռնարարքները։
«Յարգելով յարձակման զոհ գացած հազարաւոր նահանտակներուն եւ խոնարհելով
անոնց յիշատակին առջեւ, 9 Նոյեմբերը կը հռչակուի Արցախի Հանրապետութեան
դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն զոհ գացած հազարաւոր հայերու յիշատակի օր», կը նշուի բանաձեւին մէջ։
Քաղաքը այլ բանաձեւով մը նաեւ որոշեց Շուշիի հետ ժամանակաւորապէս կապերը խզել, մինչեւ այն ատեն, որ անիկա ապօրինաբար կը գտնուի Ատրպէյճանի բռնագրաւման տակ: «Այս կապը պիտի վերահաստատուի, երբ Շուշին ազատի ատրպէյճանական բռնագրաւումէն եւ
անիկա վերադառնայ ժողովրդավարական Արցախի Հանրապետութեան կազմին», գրուած է
բանաձեւին մէջ:
Ինչպէս յայտնի է, 24 Ապրիլի 2012ին, Լոս Անճելըսի քաղաքային իշխանութիւնը Շուշին հռչակեց էր «Բարեկամ քաղաք»: