ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Շաբաթավերջին, ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժէքը նոր անկում արձանագրեց եւ շարունակուեցան բողոքի ցոյցերը, որոնք գրեթէ նոյն ձեւի էին՝ հրկիզուող անիւներով ճամբաներու փակում:
Շաբաթ կէսօրէն ետք, Նահատակաց հրապարակին վրայ հանգստեան կոչուած բանակայինները վրաններ լարեցին, մինչ ցասկոտ ցուցարարները հասան խորհրդարանի մուտքին մօտակայքը, եւ բախումներ արձանագրուեցան անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Երիտասարդները քարկոծեցին խորհրդարանը պաշտպանող քարաշէն արգելքները եւ երկաթեայ դարպասները, որոնցմէ մէկը յաջողեցան քանդել:
Ցուցարարները քարկոծեցին նաեւ ապահովութեան ուժերը, որոնք իրենց կարգին արցունքաբեր կազեր արձակելով՝ փորձեցին ցրուել ցուցարարները: