
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Ճիշդ է, աշխատասիրութիւնս կարելի է գոյներու նուիրուած առաջին հայերէն գիտական աշխատանքը նկատել:
– Եւ շատ ճաշակաւոր աշխատնաք, պարո՛ն Պապէսեան: Կը տեսնեմ, ինչպէս ամէն գիտական հրատարակութիւն, նոյնպէս եւ ձեր «գունախօսութիւնը» կը սկսի «գոյն» բառի սահմանումով:
– Այո, նախաբանին մէջ ներառեցի հետեւեալ սահմանումը. «Գոյնը աչքի վրայ արտադրուած մասնաւոր տպաւորութիւն է, որ դէպի մարմիններ լուսաւոր ճառագայթներու ցոլացումէն յառաջ կու գայ»:
1909ին Մարզուան քաղաքի «Ներսօ եւ Սրապեան» տպարանէն լոյս տեսաւ բնական գիտութիւններու ուսուցիչ Յովհաննէս Պապէսեանի «Եօթը Գոյներ» գիրքը: Աշխատասիրութիւնը նուիրուած էր գոյներու ծագման, դասաւորման, ինչպէս նաեւ անոնց անուանակոչման: Պապէսեանին կը հանդիպիմ Սիմ-Հաճի գիւղի իր աշխատասենեակին մէջ: Յարգելի ընթերցող, կատարածս մտաւոր կամ երեւակայական ճանապարհորդութիւն մըն է: Սակայն, հաճելի է Պապէսեանի նման հեղինակաւոր անձնաւորութեան մը հետ գոյներու եւ մանաւանդ անոնցմէ ամէնէն արքայականին՝ լազուրաթին մասին զրուցելու գաղափարը:
Իր գրասեղանին վրայ Պապէսեանը ունի գիտական գործիքներ, օպսիտիանի, տուֆի եւ այլ քարերու մանր բեկորներ, նամակներու պահարաններ, կաթնուկի նորաբողբոջ տերեւներու փունջ մը եւ Ամասիոյ «Ապառաժ» ամսաթերթի նոր թիւը, որ նոյնպէս տպուած է «Ներսօ-Սրապեան» տպարանին մէջ: Ամէնէն ուշագրաւը, սակայն, Պապէսեանի հարուստ գրադարանն է, ուր քիչ չեն նաեւ բնագիտութեան նուիրուած եւրոպական հրատարակութիւններ:
– Կը շնորհաւորեմ պարոն Պապէսեան, յաջողած էք ձեր գիրքին գունատիպ հրատարակութեան մը տեսքը տալ:
– Իւրաքանչիւր գոյնի համար փոքր տուփիկ մը գծագրեցինք, ապա զանոնք մէկ-մէկ ձեռքով ներկեցինք, ներառեալ՝ ոսկեգոյնը եւ արծաթագոյնը:
– Գեղեցիկ է տեսնել նաեւ, որ վերջին էջին վրայ նոյնիսկ առաջարկած էք գոյներու հայեցի անուանակոչումներ:
– Բառացանկ մը անհրաժեշտ էր…: Կան գոյներ, որոնք բոյսի, ծաղիկի, պտուղի կամ մետաղի մը անունով կը կոչենք, ինչպէս՝ զմրուխտագոյն, արենագոյն, կեռասագոյն, երկնագոյն, սաթագոյն, ծիրանագոյն, պղնձագոյն, եւ այլն:
– Եւ կայ անոնց ազնուագոյնը` լազուարթը:
– Այո՛, ամէնէն արքունավայելը, այն, որ կը զարդարէ փարաւոն Թութանխամունի եւ թագուհի Կղէոպատրայի կոպերը: Լազուարթը ակնածանքով կը գործածէին Վերածնունդի մեծագոյն գեղանկարիչները՝ զայն վերապահած ըլլալով նկարի կեդրոնական տիպարին՝ մասնաւորապէս Մարիամ Աստուածածինի, ինչպէս նաեւ հրեշտակներու տարազները գունաւորելու համար:
– Իսկ հայկական մատենագրութիւնը կը յիշէ, թէ «լազուարթ» բառի հին ձեւերն էին լաժուարդ, լազուրդ, լաջուարդ, լաճվարտ եւ լաճուարդ: Ըստ ստուգաբանութեան, – եւ հանքաբանութեան-, անոր աղբիւրն է գոճազմ քարի «Սարէ Սանկ» կոչուած հանքը: Այդ հանքը կը գտնուի Աֆղանիստանի Բադախշան նահանգին մէջ: Մեր բառը պարսկերէնէ փոխառութիւն է, բունը՝ lazvard, թէ՛ հանքավայրը եւ թէ գոճազմ քարը: Այս երկնագոյն թանկագին քարը իր անունին հետ տարածուեցաւ ու դարձաւ համաշխարհային: Հնդկաստանի մէջ՝ լաժավարթա, արաբներու համար քարը՝ լազվարթ, գոյնը՝ լաժվարտի, ստորին լատիներէնի մէջ քարը՝ լազուրում կամ լազուր, իսկ գոյնը՝ ազուրրում, ազուրա, բիւզանդական յունարէնը՝ լազուրիոն, Իտալիոյ մէջ քարը՝ լափիսլազոլօ, գոյնը՝ ազուրրօ, չեխերէն եւ լեհերէն` լազուր, վրացերէն՝ լազվարտի, կամ՝ լազվարտովանի, ռումաներէն եւ ֆրանսերէն՝ ազիւր:
– Եւ անշուշտ, Ֆրանսայի Cote d՛Azur յայտնի ծովափը…: Գոճազմ քարը ունի խոր կապոյտ երանգ, ոսկեգոյն աչքառու բիծեր եւ սպիտակ մանր երակներ: Անիկա առաջին քարերէն է, որ գործածուած է արքունի ոսկերչութեան մէջ: Մարդիկ նոյնիսկ հաւատացած են, թէ անիկա ունի «խորհրդաւոր ուժեր»: Ուշ միջնադարու եւրոպացի գեղանկարիչները զայն աղալով յաջողած են ձեռք բերել խիստ հազուագիւտ «ultramarine» ներկափոշին: Մենք զայն կրնանք անուանել «անդրծովեայ»:
– Լազուարթը ներշնչեց նաեւ հայ բանաստեղծը… «Կը շարժին սէրվիք (նոճի ծառը) լազուարդ երկնից մէջ կանգնած», Տիրան Չրաքեանի «Նոճաստան» գիրքին մէջ կը հնչեն այս խօսքերը:
– Պոլիսէն պատուիրեցի այդ երիտասարդ տաղանդի նորատիպ ժողովածուն: Շուտով կը հասնի ու կը հարստացնէ գրադարանս:
– Հայկական գրականութեան խորութիւններուն մէջ, պարոն Պապէսեան, մեր աչքերը կը շարունակեն շլացնել լազուարթի փայլքը ունեցող խօսքեր. «Անյայտ ծովերի լազուարթ ափերում / Լուսեղէն մի բախտ միշտ կանչում է ինձ»՝ Աւետիք Իսահակեան, «Սենեակս (…) նոճիներու, սեւամած անտառներու ու անոնցմէ անդին լազուարթ ծովուն եւ նեղուցի մը կ՛իշխէ»՝ Տիգրան Չէօկիւրեան, «Եւ ամէն մէկ հպումիդ հոգի՜ս էր որ ինկաւ լազուարթ ձեռքիդ տակ» եւ «Լազուարթ ժամեր լուսն»ջ՝ Միսաք Մեծարենց: Իսկ ձեր սիրած Տիրան Չրաքեանի քնարին կը պատկանին լազուարթով ներկուած ընտիր արտայայտութիւններ. «Լաժուարթ արշալոյս», «Լաժուարթ ստուերներ», «Նոճեաց լաժուարթ խաւար», «Ահա լուսինը կը ծագի լաժուարթ գիշերին մէջ», «Ո՜, նոճիներ, լաժուարթ վերջալոյսին մէջ բարձրացած» (իսկ այս զրոյցէն եօթը տասնամեակ ետք, դարձեալ Պոլսոյ մէջ, բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանը պիտի գրէր հետեւեալ տողիկը. «Կորսուեցայ գիշերուան լազուարթ մթութեան մէջ»):
– Ձեր գիրքի վերջին էջին վրայ կայ… սեւը:
– Ճշմարտութիւնը ըսեմ, յարգելի հիւրս, սեւը գոյն չէ, այլ՝ գոյներու բացակայութիւնը, ինչպէս որ մութը բացակայութիւնն է լոյսի:
– Գիրքի պատրաստութեան ընթացքին, զգալի է, թէ նկատի առած էք հայ աշակերտութիւնը:
– Աշխատասիրութիւնս կը նուիրեմ նոր սերունդի դաստիարակութեան: Միամեայ յեղափոխութիւնը լուսաւոր ապագայ մը կը խոստանայ կայսրութեան բոլոր ազգերուն, մանաւանդ՝ հայոց: Ազատութեան մթնոլորտ մը կայ Պոլիսէն մինչեւ հայկական նահանգներ: Հետեւաբար, հայեցի կրթութիւնը նոր թափ պիտի առնէ, կասկած չունի՛մ: Սիմ-Հաճի գիւղին մէջ կան Պարթեւեան արական եւ Հռիփսիմեան իգական դպրոցները: Անոնց աշակերտները անկասկած կ՛օգտուին գիրքէս: Իսկ մօտ օրէն կը մեկնիմ Եւդոկիա: «Եօթը Գոյներ»ը ծրագրած եմ տրամադրել այդ քաղաքի հինգ վարժարաններուն` Վարդանեանին, Վարդուհեանին, Ս. Աստուածածինին, Ս. Երրորդութեան եւ Ս. Գէորգին: Հայ մտաւորականութիւնը նոր եռանդով սկսած է աշխատելու ու երկիրը յառաջ տանելու: Ես համոզուած եմ, թէ գիտութիւնը ազատութիւն է:
– Ճի՛շդ է, գիտութիւնը ազատութիւն է եւ խաղաղութիւն՝ լազուարթ երկինքի տակ: