ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ:
Անոնք միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգին վերաբերող հարցերու շուրջ` առանձնայատուկ կերպով ընդգծելով Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան հարթակին դերը համագործակցային օրակարգ յառաջ մղելուն եւ խորացնելուն մէջ:
Զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն: Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումներուն հետեւանքներուն հասցէագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերու պարունակին մէջ, նախարար Այվազեան Ֆիլիփ Ռիքըրին ուշադրութեան յանձնեց մարդասիրական հարցերու, յատկապէս հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակին մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերու հայրենադարձութեան հարցին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ խոչընդոտներու ստեղծման անթոյլատրելիութիւնը:
Երկուստեք ընդգծեցին Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման առանցքային հարցերու հասցէագրումը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ, ինչ որ յստակօրէն ամրագրուած է համանախագահ երկիրներու բարձր ներկայացուցիչներուն` 3 Դեկտեմբերին կատարած յայտարարութեամբ: