ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին իբրեւ արդիւնք՝ գերի ինկած հայերու հարցով կը զբաղի անձամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին։
Դեսպանը դիտել տուաւ, որ հայ գերիներու վերադարձը 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է: «Չեմ չափազանցեր. ասիկա այն հարցն է, որմով անձամբ կը զբաղի մեր երկրի նախագահը, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները: Այս հարցին լուծումը, հաւանաբար, այնքան շուտ չըլլայ, որքան կ՛ակնկալուի, բայց հաւատացէք, առաւելագոյնը կը կատարուի. ես վստահ եմ, առ այս հարցը հաստատ պիտի լուծուի», դիտել տուաւ Ռուսիոյ դեսպանը:
Սերկէյ Քոփիրքին նաեւ նշեց, որ Հայաստանի նախկին ղեկավարներուն հետ կատարուող քննարկումներուն առանցքը կը հանդիսանայ ռուս-հայկական բարեկամութիւնը:
«Մենք խօսեցանք բոլոր արդիական հարցերուն մասին, որոնց կարգին այն հարցերուն, որոնք յառաջացած են 2020ի վերջին ողբերգական իրադարձութիւններէն ետք: Խօսեցանք Ռուսիոյ կողմէ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութեան, մարդասիրական աջակցութեան մասին», յայտնեց դեսպանը: