ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Յունուար 1, 1886 թուականը մեր մեծանուն հերոս, զօրավար ու սպարապետ Գարեգին Նժդեհի (Գարեգին Առաքել Տէր Յարութիւնեան) ծննդեան 135 ամեակն է:
Ան եղած է եզակի, հայ մեծ զօրավարներէն մէկը, որ կ՛անմահանայ իր հայրենական հողը ազատագրելուն համար:
Գարեգին Նժդեհ ծնած է Նախիջեւանի Կզնութ գիւղին մէջ. իր նախնական կրթութիւնը ռուսական վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, շնորհիւ իր բացառիկ ընդունելութեան, կ՛ուղարկուի Թիֆլիս իր ուսումը շարունակելու, ուր նաեւ երիտասարդական շարժումներուն մաս կազմելով մուտք կը գործէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը:
Չբաւարարուելով Թիֆլիսի մէջ ստացած ուսումէն, ան կ՛անցնի Փեթերսպուրկ, իրաւաբանութեան հետեւելու: Բայց պարտաւորուած կը զգայ երկու տարուան իր ուսումը ընդհատելու, Դաշնակցութեան վերին մարմիններու կողմէ ուղարկուելու համար Սալմաստ, 1904ին, որ օճախն էր երկրին մէջ խլրտացող ֆետայական շարժումներուն, ուր կը պատրաստուէին եւ կը զինուէին յեղափոխականները՝ ուղղուելու համար Երկիր եւ միանալու համար, այնտեղ արդէն իսկ շղթայազերծուած ֆետայական շարժումներուն:
Հայ յեղափոխութիւնը կամ ազատագրական պայքարը միայն լեռներու վրայ չէր որ տեղի կ՛ունենար եւ շուտով հայ ժողովուրդը պիտի պատրաստուէր պատերազմական գործողութիւններու: Իսկ միւս կողմէն, Գարեգին Նժդեհ իր համալսարանական կրթութիւնը կէս ձգած, ամէն գնով կը փափաքեր զինուորական վարժարան յաճախել: Այս առիթը կ՛ընծայուի իրեն, երբ 1905ին ՀՅ Դաշնակցութեան գերագոյն մարմնի, յատկապէս Ռոստոմի կարգադրութեամբ կը յաջողի պուլկար կառավարութեան հետ համաձայնութիւն գոյացնել եւ 1905ին անցնիլ Սոֆիա, զինուորական վարժարանի սպայից բաժինը, չորս հայ երիտասարդներու հետ: 1907ին իր ուսումը աւարտելով կը վերադառնայ Կովկաս:
Նժդեհ կը ձերբակալուի 1909ին եւ ցարական բանտերուն մէջ կը մնայ մինչեւ 1911: Հազիւ ազատ արձակուած, անմիջապէս կը մեկնի Պուլկարիա եւ կը միանայ պուլկարական բանակին, տեղակալի աստիճանով:
Կը կազմուի հայ կամաւորական խումբ մը, մօտ 300 հոգիներէ բաղկացած, կռուելու համար պուլկար բանակի կողքին, ընդդէմ թրքական ուժերուն, ղեկավարութեամբ Անդրանիկին ու Գարեգին Նժդեհին:
Այս պատերազմին մասնակցող հայ մարտիկներուն մասին գովեստով կը խօսի Լէօ Թրոցքի. յատկապէս անդրադառնալով Նժդեհին, ան կ՛ըսէ. «Գարեգինը բանաստեղծ էր՝ ճառախօս զինուորական, իրեն վիճակուած առաքելութեան կարեւորութենէն դրդուած»:
ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ
Իր նմանը չունեցող պոռթկում մը տեղի ունեցաւ Զանգեզուրի մէջ, 1919ին: Հայաստան տակաւին ինքզինք ամրապնդած չէր օժանդակելու Նժդեհին, երբ Կարմիր բանակի 11րդ զօրագունդը իր հայ առաջնորդներով, իր սիրաշահած Զանգեզուրի գիւղացիութեամբ, իր հսկայական պատերազմական կարելիութիւններով, Պաքուէն հոսող անհամար փողերով եւ թուրք- թաթար աշիրաթներով, եկած էին ճզմելու Զանգեզուրը, զայն անպայման գրաւելու: Այս խոստում տրուած էր Պաքուին՝ գրաւել Սիսեանէն մինչեւ Մեղրի եւ հիմնականօրէն արմատախիլ ընել հայութեան հետքն իսկ, ապագայի երազով:
Աննկարագրելի կ՛ըլլայ Նժդեհին խումբին իրավիճակը: Թուլցած գիւղացիութիւնը ու բանակային կամաւորները պրկել անհրաժեշտ էր, եւ նոր հռետորական կոչով, Նոյեմբեր 30ին զօրահաւաք կը հռչակէ եւ նոյն տարուան Դեկտեմբեր 1ին յարձակումը կը սկսի:
Հակառակ անոր որ հայկական խումբերը մէկ օրուան հաց ու ռազմամթերք ունէին միայն, յաջողութեամբ կը յարձակին Կարմիր բանակին եւ թուրք ու թաթար հորդաններու վրայ: Յաջորդ օրը Բաղաբուրջի վրայ կը բարձրանայ Եռագոյն դրօշը:
Յարձակումները կը շարունակուին սահմանամերձ գիւղերուն վրայ եւ շատ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին, բոլոր շրջաններու վաշտապետները յանկարծ կ՛անդրադառնան, որ թաթար թուրք բազմաթիւ գիւղացիներ փախուստի կը դիմեն, հեռանալով հայկական գրաւուած հողերէն:
Եւ այսպէս, 1919ի աւարտին կ՛իրականանայ այն հրաշքը, որուն չէին հաւատար հայերը, որուն իրագործման մէջ չէր յաջողած մինչեւ իսկ Դաւիթ Բէկ եւ Զանգեզուրի հայութիւնը. միահամուռ կերպով Նժդեհին կը նուիրեն Դաւիթ Բէկին սուրը եւ զինք կը կոչեն պաշտօնապէս՝ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՍՊԱՐԱՊԵՏ ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ:
Ինչպէս Դաւիթ Բէկի անունը ահ ու սարսափի կը մատներ թշնամիները, նոյնպէս եւ Նժդեհը կը հանդիսանար փրկիչը Զանգեզուրին:
Այս ոգեւորութիւնը, սակայն, երկար չի տեւեր: Օրդուպաթի թուրքերը կը յարձակին շրջանի գիւղացիութեան եւ Գողթանի հայութեան վրայ, ահաւոր կոտորածի ենթարկելով, եւ ինքնապաշտպանութեան նոր հակազդեցութեան դիմելու համար, Նժդեհ, Հայաստանի օգնութենէն իր յոյսը կտրած, Գորիսի մէջ կրկրն կը դիմէ ժողովուրդին: Հաւաքելով գիւղացի մարտիկները, անմիջապէս օգնութեան կը փութայ հայ ազգաբնակչութեան եւ այսպէս, գիւղացիներու բանակը, անակնկալ կերպով կը գրոհէ թրքական 14 գիւղերու վրայ, որոնք այս անգամ կը լքեն ամէն ինչ ու կը հեռանան:
Նժդեհի այս յաջողութիւնները մեծապէս կը մտահոգէն Ատրպէյճանը, իսկ Թուրքիան Պաքուի մէջ արագ ժողով մը գումարելով կը պահանջէ ամէն գնով գրաւել Զանգեզուրը:
Երբ Նժդեհ Օրդուբաթ կը գտնուէր, Ղարաբաղէն լուռ կը ստանայ, որ կրկին համայնավարներու քարոզչութեան ենթարկուելով, իր բանակի կարգ մը միաւորներ կը մերժեն կռուիլ. ուստի Ղափան վտանգուած էր եւ կրնար շուտով թշնամիներէն գրաւուիլ: Առանց այլեւայլի, Նժդեհ, իր վաշտով կը հասնի Ղափան, մի քանի ժամէն կը կազմակերպէ բանակը, կը միացնէ թուլցած զինուորները եւ նոր յարձակումով փախուստի կը մատնէ հակառակորդները:
Այս կռիւները վերջ չէն ունենար. 11րդ զօրագունդին եւ թաթարներուն դէմ նոր կռիւներ տեղի կ՛ունենան Ղարաբաղէն դէպի Զանգեզուր: Կանոնաւոր բանակներու, թնդանօթներու, անհաշիւ ռազմական միջոցներու դէմ, հայ գիւղացիութիւնը կը կռուէր իր նախնական միջոցներով: Անհաւասար մարտ: Աւելի ճիշդ՝ ոգեմարտ եւ հաւատամարտ:
Գարեգին Նժդեհ իր կտրիճներով կը բարձրանայ Խուստուպ լեռը, բայց իր պայքարը կը շարունակուի։ Ղափանի ժողովուրդը, իր պատերազմներէն սպառած, կը խաբուի հայ համայնավարներու խոստումներէն, բան մը, որ կը ստիպէ Նժդեհին, անգամ մը եւս անձամբ մտնելու ժողովուրդին մէջ. ան վար կ՛իջնէ Խուստուպէն եւ Ղափանը ազատագրելով կը մտնէ Գորիս:
Գարեգին Նժդեհ նամակներ կը ղրկէ Երեւան, զօր. Նազարբեկեանին, արտաքին ու ներքին գործոց նախարարութիւններուն եւ ՀՅԴ Բիւրոյին, անոնց նկարագրելով աղէտալի կացութիւնը, որուն մատնուած է շրջանը։ Ան միաժամանակ անտեղեակ չէր Հայաստանի կացութենէն, ուստի ոչ մէկ օգնութիւն ստացած ըլլալով, կրկին կ՛ապաւինի իր ուժերուն վրայ:
Այսպէ՛ս, այս անհամար պատերազմներու ընթացքին, 1919-1920ին, ան ոչ միայն կը յաջողի հայացնել, փրկել Զանգեզուրը, այլ նաեւ զայն կը վերածէ քաղաքական ինքնավար մարզի, Սիւնիքի գերիշխան Լեռնահայաստանի:
Մինչ այս դէպքերը տեղի կ՛ունանային Զագեզուրի շրջանին մէջ, 1920ի Դեկտեմբեր 2ին, Հայաստան պաշտօնապէս խորհրդային կարգերը կ՛ընդունի: Ղեկավարութենէն Ռուբէն Տէր Մինասեան կու գայ համոզելու Նժդեհը, բայց Նժդեհ կը մերժէ, որովհետեւ չի կրնար երեւակայել Հայաստանէն անջատուած եւ Ղարաբաղի ճակատագրին ենթարկուած, Ատրպէյճանի հովանաւորութեան տակ գտնուող Զանգեզուր մը:
(Շարունակելի)