ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլուտ Չաւուշօղլու եւ Ճէյհուն Պայրամով Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ ունեցան անդիպում մը, կը հաղորդէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար եղբայր Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպեցանք Իսլամապատի մէջ: Քննարկեցինք Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները: Խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ ատրպէյճանցի եղբայրներուն մեր աջակցութիւնը պիտի շարունակուի», կը յայտնէ Չաւուշօղլու: