ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ․- Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնեն, թէ Ս. Յովհաննու Կարապետ տօնին առիթով, որ եկեղեցւոյս անուանակոչութեան օրն է, Կիրակի, 17 Յունուարին, եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ ԱրեւմտեանԱմերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։
Առաւօտեան ժամերգութիւնը պիտի սկսի ժամը 9։30ին, իսկ Ս․ պատարագը՝ ժամը 10։30ին, քարոզը՝ ժամը 11։45ին եւ Մատաղօրհնէքը՝ ժամը 12։45։
Կը հրաւիրենք բարեպաշտ մեր հաւատացեալները ներկայ գտնուելու սրբազան արարողութիւններուն, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով եւ ունկնդիր ըլլալու սրբազան հօր հոգեշունչ քարոզին:
(Հաղորդագրութիւնը՝ եկեղեցիէն)