Բոլորս ալ վարժուած էինք եղբ. Գառնիկին ճամբորդութիւններուն։ Գիտէինք, թէ ան յաճախ կը բացակայի քանի մը օրով, բայց ուր որ է անպայման կը վերադառնայ՝ միութենական յաջողութիւններու նոր լուրերով։
Այս մէկը սակայն ոչ ոքի մտքէն կ՛անցնէր։ Այս անգամուան ճամբորդութիւնը երկար եւ անվերադարձ է, որովհետեւ յաւերժական եւ յաւիտենական է։ Այս անգամ ան գացած է միանալու ՀՄԸՄի անմահներու փաղանգին, զինք նախորդող սերունդին, սերունդներուն՝ Լուտեր Մասպանաճեանին եւ Վարդգէս Տէր Կարապետեանին, Բիւզանդ Թորիկեանին եւ Միհրան Շիմշիրեանին։
Անակնկալ ու անժամանակ բաժանումի այս պահուն դժուար է ընդունիլ, որ ՀՄԸՄ այլեւս պիտի զրկուի եղբայր Գառնիկին ոգեշնչող խօսքէն ու գործէն։
Անգնահատելի է աւանդը եւ ժառանգութիւնը մեր երէց եղբօր, որ այսօր յաւէտ կը բաժնուի բոլորէս՝ մեզի կտակելով ՀՄԸՄի կեանքին իր բերած ներդրումը, վաստակը եւ միութենական ոգիով դաստիարակուած սերունդները, որոնք պիտի շարունակեն իր նուիրական երթը:
Աւելի քան քառասուն տարիներու վրայ կ՛երկարի եղբայր Գառնիկին ՀՄԸՄական կեանքը, ազգային-հասարակական կեանքի իր այլազան ծառայութիւններուն կողքին։
Եղբ․ Գառնիկին մուտքը ՀՄԸՄի ընտանիք կը կատարուի ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին անդամակցութեամբ։ Ան կը գործէ մասնաճիւղին եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին մէջ եւ 1999ին, միութեան եօթներորդ Պատգամաւորական ժողովին կ՛ընտրուի ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Չորս տարի ետք ան կը վերընտրուի եւ կը ստանձնէ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։ Ապա, քառամեակի մը ընդմիջումէ ետք, ան կը վերընտրուի երկու շրջան եւս՝ 2011-2019, միշտ վարելով ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը, եւ ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան մնալով աշխոյժ ու կորովի ղեկավար։
Արդարեւ, եղբ. Գառնիկը իր կեցուածքներով քաջարի պաշտպանը եղաւ իր սիրած միութեան սկզբունքներուն, զանոնք փոխանցեց յաջորդական սերունդներու՝ միշտ հաւատալով, որ միութեան կազմակերպական յարկին տակ է, որ պիտի կազմաւորուին ազգին եւ հայրենիքին համար անսակարկ նուիրուելու պատրաստ հայորդիներ։
Իբրեւ միութենական՝ եղբ․ Գառնիկը ունէր իր առանձնայատուկ հմայքը։ Զինք ճանչցողները կը սիրէին եւ կը յարգէին զինք, նոյնիսկ եթէ կարգ մը նիւթերու շուրջ տարակարծիք ըլլային հետը։
Ի ծնէ միութենական կազմակերպական աշխատանքի մարդ էր ան։ Էութեամբ՝ ՀՄԸՄական։ Այս պատճառով իրեն կը վստահուէին կազմակերպական ամէնէն բարդ հարցերու տնօրինումները, որոնք ընդհանրապէս բարւոք լուծումներ կը գտնէին հակասութիւնները մեղմացնելու եւ միշտ միջին եզրեր գտնելու իր բացառիկ կարողութեան շնորհիւ։
Իբրեւ ժողովական, եղբ. Գառնիկը յատկութիւնը ունէր նիւթերը նախապէս լաւ ձեւով համադրելու եւ կանխելու որեւէ հարց, որ կրնար ծագիլ ժողովներու ընթացքին, տեսակէտներու բախումի կամ երկուութեան ստեղծման պատճառով։
Վարպետ ժողովականի իր այս մօտեցումը միշտ իր դրական արդիւնքը կ՛ունենար աշխատանքներու ընթացքին վրայ։
Իբրեւ ժողովական՝ հաճելի էր հարցերու քննարկումի ժամանակ լսել իր ազգային եւ միութենական կեանքի ապրած փորձառութիւնները, որոնք տուեալ հարցին հետ սերտօրէն կապ կ՛ունենային։ Յիշողութիւններու իր շտեմարանը հարուստ էր եւ դաստիարակիչ։
ՀՄԸՄի համահայկական կառոյցին մէջ իւրայատուկ երեւոյթ էր եղբ․ Գառնիկը։ Չկար մէկը, որ իրեն չափ ծանօթութիւն ունենար եւ յարաբերութիւններ մշակէր ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի զանազան շրջաններու միութենականներուն, նախկին կամ ներկայ վարչականներուն եւ անոնց անմիջական շրջանակին հետ։
Իր այս կապերուն եւ յարաբերութիւններուն շնորհիւ է, որ կարելի եղաւ փառաւոր ձեւով կազմակերպել ՀՄԸՄի 100ամեակը։ Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄի մէջ որեւէ աշխատանքի յաջողութիւն հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է, ՀՄԸՄի կազմակերպական մեքենային նոյնանպատակ պատրաստութեան հետեւանք է, բայց եղբ․ Գառնիկին յարաբերական եւ կազմակերպական բացառիկ ճիգով կարելի եղան իրականացնել միութեան 100ամեակի փառաւոր ձեռնարկները, միութեան ապահովելով 700.000 ամ․ տոլարի նուիրատուութիւն, նաեւ յաջորդաբար երկու տարի 1200 ՀՄԸՄականներով համաՀՄԸՄական ձեռնարկներ իրականացնելով Հայաստանի մէջ (Մարզախաղեր, բանակում եւ 100ամեակ)։
Սիրելի՜ եղբ․ Գառնիկ,
Դժուար ու ծանր պարտականութիւն է յարգանքի եւ հրաժեշտի խօսք արտասանել՝ ներկայացնելով տարիներու ծառայութիւնդ եւ միութենական ժառանգդ, այս առիթով յիշելով ՀՄԸՄի մէջ ծառայած այն բոլոր հանգրուանները, որոնք հետք ու դրոշմ ձգեցին միութեան վրայ, դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուին միութենական մեր քոյր-եղբայրներուն։
Դժուար պիտի ըլլայ մխիթարել հարազատներդ, ընկերներդ, եղբայրներդ եւ քոյրերդ, երբ ոեւէ մէկը հաշտուած չէ տակաւին կամ չի հաւատար կորուստիդ գաղափարին։ Պիտի սպասենք ժողովներուն յատուկ շուքով քու մուտքդ։ Պիտի կարօտնանք շաբաթական մեր հանդիպումները, ուր կը քննարկէիր տեղական թէ համասփիւռքեան իրադարձութիւններ՝ քեզի յատուկ ժպիտով եւ ազնիւ հիւմըրով, միշտ փորձելով բացատրել եւ վերլուծել մեր հաւաքականութեան վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնը։
Տխուր ենք, որ մեզմէ անակնկալ կը բաժնուիս, առանց լուր տալու, առանց մեզի առիթը տալու քեզմէ հրաժեշտ առնելու, բայց շատ լաւ գիտենք, որ դուն ապրեցար ՀՄԸՄական հարուստ կեանք մը՝ հաւատարիմ մնալով միութեան նշանաբանին՝ «Բարձրացիր, բարձրացուր»ին եւ տիպարովդ օրինակ դարձար մեզի եւ քեզի ճանչող բոլոր միութենականներուն։
Սիրելի սգակիրներ,
Ճիշդ է, որ եղբ․ Գառնիկին բացակայութիւնը ծանր կը կշռէ, բայց մեր սփոփանքը այն է, որ հակառակ իր ֆիզիքական բացակայութեան, ան պիտի մնայ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄականի մտքին ու սրտին մէջ, իբրեւ ՀՄԸՄական տիպար եւ անզուգական ղեկավար, որ պատասխանատու պարտականութիւններ ստանձնած տարիներու ընթացքին անասակարկ կերպով ծառայեց իր ազգին եւ միութեան։
Անկրկնելի անձնաւորութիւն մըն էր եղբ․ Գառնիկը եւ եզակի երեւոյթ մը մեր իրականութեան մէջ, որուն աշխատանքին իբրեւ արդիւնք այսօր ՀՄԸՄի համահայակական կառոյցին մէջ կը գործեն գաղափարական հաւատքով թրծուած միութենականներ, օրինակ ունենալով ի՜ր տիպարը, որ այսուհետեւ իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայէ յաջորդող սերունդներուն։
Յանուն ՀՄԸՄի համահայկական ընտանիքի 111 մասնաճիւղերուն եւ 28 հազար հաշուող անդամներուն, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը խորապէս կը սգայ բազմավաստակ իր նախկին ատենապետին կորուստը եւ կը խոնարհի անոր յիշատակին առջեւ։
Երթդ բարի, սիրելի եղբ․ Գառնիկ:
ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը երբեք պիտի չմոռնայ քեզ ու աւանդդ եւ առ ի երախտագիտութիւն վաստակիդ ու նուիրումիդ՝ Հ.Մ.Ը.Մի Կեդրոնական վարչութիւնը յետ մահու քեզի կը շնորհէ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանը, որմով շատ պիտի փափաքէինք կուրծքդ զարդարել ողջութեանդ։
Հողը թեթեւ գայ վրադ: