ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր»․- ՀԿ Խաչի եւ ՀԳ Խաչի կողմէ նախաձեռնուած Արցախին համար մարդասիրական օգնութեան երկրորդ մասը արդէն հասաւ Հայաստան։
9 Յունուարին, Յունաստանի կողմէ տրամադրուած օդանաւը իր թռիչքը կատարեց դէպի Հայաստան, փոխադրելով Արցախի տառապող ժողովուրդին եւ հայ զինուորներուն համար բժշկական անհրաժեշտ իրերը եւ մարդասիրական օգնութեան նպատակով հաւաքուած հագուստեղէնը եւ այլ կարեւոր սարքեր։ Օգնութեան այս բաժինը եւս յանձնուեցաւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ ՀՕՄի գրասենեակին։
Թռիչքին ընկերակցեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀԿ Խաչի, ՀԳ Խաչի եւ ՀՅԴ Երիտասրդական Միութեան անդաամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։
Նոյն օդանաւով Յունաստան փոխադրուեցաւ հայրենակից մը, որ կը կարօտի լուրջ բժշկական խնամքի եւ անոր նուրբ վիրահատութիւնը պիտի կատարուի Աթէնքի մէջ։
Ծրարներուն յանձնումէն ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ընդգուեցաւ Յունաստանի ՀՕՄի երկու կառոյցներու նախաձեռնութիւնը՝ Արցախի հայութեան անմիջական մարդասիրական օգնութիւն ընձեռելու համար։
Յիշեցնենք, որ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական պատերազմի հրադադարէն ետք, Յունաստանի ՀԿ Խաչի եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ ՀԳ Խաչի միաւորները ձեռնարկեցին մարդասիրական օգնութեան հաւաքումին, որ գերազանցեց ամէն ակնկալիք ու ցարդ յանգեցաւ երկու առաքումներու, իսկ մօտերս կը ծրագրուի ուղարկել նաեւ երրորդը։