ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Ամերիկահայ հանրածանօթ մտաւորական, կրթական եւ հասարակական գործիչ դոկտ․ Կարպիս Տէր Եղիայեան կնքեց իր մահկանացուն։ Կը հաղորդուի, որ ան վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով։
Արմատներով խարբերդցի եւ Հալէպ ծնած Տէր Եղիայեան կարեւոր դեր ունեցած է կրթական ոլորտին մէջ։ Ան եղած է Լա Վըրնի համալսարանին մէջ գործած Ամերիկահայ Միջազգային քոլեճի հիմնադիրը եւ մօտաւորապէս 28 տարիներ առաջ հիմնադրած է «Մաշտոց քոլեճ»ը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Ան երկար տարիներ եղած է զանազան միութիւններու ատենապետ, նաեւ տարբեր բարեսիրական միութիւններու խորհուրդի անդամ: Դոկտ. Կարպիս «Ռոթըրի» միջազգային կազմակերպութեան Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի վարչական խորհուրդի գանձապահն էր եւ իր անունով կը կոչուի կազմակերպութեան խաղաղութեան նուիրուած հիմնարկը: Ան արժանացած է «Ռոթըրի» կազմակերպութեան բարձրագոյն՝ «Բազմարդիւն սպասարկութեան մրցանակ»ին, զոր նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին։
Դոկտ. Կարպիսը վերջին քանի մը տասնամեակներուն հրաւիրուեցաւ հայկական եւ օտար գաղութներ, ուր ելոյթներ ունեցաւ զանազան նիւթերով՝ կրօնական, ազգային, կրթական, համայնքային եւ այլն: Ան գործունեայ մասնակցութիւն ունեցած է Լոս Անճելըս գաւառի ծրագիրներու իրագործման, մասնաւորաբար նաեւ գաւառի բանտերու հոգաբարձական խորհուրդի անդամ էր եւ օտար զանազանր մարմիններու պատուոյ անդամ:
Անոր «Ձայներ Լռութեան Մէջ» («Voices in Silence») խորագրուած պատկերազարդ-ալպոմը արգասիքն է դէպի Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա եւ Կապադովկիա կատարած իր բազմաթիւ ուխտագնացութիւններուն։