ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Լեհ յայտնի իրաւաբան եւ քաղաքական գործիչ Թոմաշ Լեխ Պուչէք, որ շատ մօտէն հետեւած էր Արցախեան վերջին պատերազմին՝ հետեւեալ գրառումը կատարած է. «25 Յունուարին հանդիպում պիտի ունենամ Լա Հէյի Քրէական միջազգային դատարանի երկրորդ փոխնախագահ Մարք Պրեշամպոյի հետ, քննարկելու համար ոճրագործ ատրպէյճանցիներուն՝ նշեալ դատարանին կողմէ դատումը։ Անոր պիտի ներկայացնեմ ռազմական ոճիրներու ապացոյցներ (մաս մը). Պիտի յանձնեմ նաեւ այս մասին 27 Սեպտեմբեր 2020ին սկսած ստորագրահաւաքին միացածներուն ցանկը: Ցայսօր զայն ստորագրած են 123,000 անձեր։ Ատրպէյճան պէտք է հաշիւ տայ իր ոճիրներուն համար։ Պէտք է նաեւ ազատ արձակէ ռազմագերիները»։