ՄԻԼԱՆ․- Միլանի դատարանը յայտնի իտալացի քաղաքական գործիչ Լուքա Վոլոնթէն մեղաւոր ճանչցաւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներէ մեծ գումարի կաշառքներ ստանալուն համար եւ զինք դատապարտեց չորս տարուան բանտարկութեան:
Ըստ իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթի փոխանցած տեղեկութեան՝ Վոլոնթէ, իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար, կէս միլիոն եուրօ ստացած է Պաքուի երկու ներկայացուցիչներէն, որպէսզի դէմ դնէ Ատրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներուն մասին զեկուցումին:
Դատարանը նման որոշումներ տուաւ Էլհան Սուլէյմանովի եւ Մուսլիմ Մամետովի նկատմամբ, որոնք Պաքուի շահերուն ի նպաստ քարոզչութիւն կը կատարէին ԵԽԽՎի մէջ եւ մեծ կաշառքներ կու տային իտալացի քաղաքական գործիչին:
Միլանոյի դատախազութիւնը Վոլոնթէի նկատմամբ մեղադրանքներ կատարած էր 2016ին՝ 2012-2014ին շուրջ 2․4 միլիոն եուրօ ստանալուն համար, որուն մեծ մասը ան այլ քաղաքական գործիչներու փոխանցած է, իրականացնելու համար Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն բխող քաղաքական գործունէութիւնը:
Վոլոնթէ չորս անգամ Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու տան անդամ ընտրուած է կեդրոնամէտ շարք մը կուսակցութիւններու կողմէ, իսկ 2010-2013ին ան ԵԽԽՎի մէջ ղեկավարած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը: