ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի պաշտպանութեան բանակի որեւէ ստորաբաժանում, ոեւէ զինուորական ծառայող 27 Դեկտեմբերի ամբողջ օրուան ընթացքին եւ 28 Դեկտեմբերին որեւէ գործողութեան չէ մասնակցած, հայկական կողմէն նոյնիսկ կրակոց մը չէ արձանագրուած։ Այս մասին յայտարարեց Արցախի պաշտպանութեան բանակը՝ արձագանգելով ատրպէյճանական կողմի ապատեղեկատուութեան, իբր թէ նախօրէին «հայկական զինուած խմբաւորման» կողմէ ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումին վրայ յարձակում կատարուած է: Այս մասին յայտարարութիւն մը տարածեց նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Այս պարագայում, Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմից տարածուած յայտարարութիւնը այլ կերպ, քան քարոզչական սադրանք հնարաւոր չէ որակել: ԱՀ պաշտպանութեան բանակը շարունակում է խստօրէն պահպանել հրադադարի ռեժիմը», կը հաստատուի բանակին յայտարարութեան մէջ։
Նշենք, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ 27 Դեկտեմբերին յայտնեցի, որ Հադրութի Տող գիւղի մօտակայքը հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորականներուն միջեւ մարտեր վերսկսած են: Հաղորդուեցաւ նաեւ երկու կողմերու զոհերու եւ վիրաւորներու մասին: Տող գիւղը ատրպէյճանական զինուորականութեան ամբողջական վերահսկողութեան տակ է:
Միւս կողմէ, Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան որոնողական-փրկարարական աշխատանք իրականացնող խումբերուն արտօնութիւն չէ տրուած Հադրութ երթալու: Այս մասին յայտնեց ԱԻՊԾի հասարակութեան հետ կապերու բաժինի պետ Յունան Թադեւոսեան: «Նախատեսուածի համաձայն` երեք խումբ մեկնում էր Հադրութի ուղղութեամբ որոնողափրկարարական աշխատանքների: Առաւօտեան կապ չի եղել խմբերի հետ, սակայն քիչ առաջ կապ է հաստատուել եւ պարզ է դարձել, որ Շեխեր գիւղի մօտակայքից նրանց չի թոյլատրուել առաջանալ: Հիմա նրանք յետ են վերադառնում», յայտնեց Յունան Թադեւոսեան: