ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ, 4 հայ գերիներ վերադարձան Հայաստան: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան։
Ըստ անոր՝ վերադարձողներուն հարազատները արդէն իսկ տեղեակ պահուած են անոնց վերադարձին մասին, իսկ գերիները այժմ կը գտնուին բժիշկներու վերահսկողութեան տակ եւ կը ստանան անհրաժեշտ բժշկակական ու հոգեբանկան աջակցութիւն:
Գերիներու փոխանակման գործընթացը պիտի շարունակուի, հաստատեց Աւինեան։