ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանական եւ հետաքրքրուած արտախորհրդարանական ուժերը հրաւիրեց խորհրդակցութիւններու` 2021ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու հարցով: Ան նշեց, որ ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ իրենք բիրտ ուժի կիրարկումով պահած են իշխանութիւնը՝ աւելցնելով նաեւ, որ պատրաստ է ժողովուրդի որոշումին իբրեւ արդիւնք ձգել վարչապետի պաշտօնը:
26 Դեկտեմբերին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը յայտարարութեամբ մը պատասխանեց Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրին` նշելով, որ շուտափոյթ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու վարչապետի այս պատրաստակամութիւնը պայմանաւորուած է բացառապէս «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին յառաջացուցած զանգուածային չդադրող բողոքի ցոյցերով եւ պատերազմին կրած խայտառակ պարտութեան իբրեւ արդիւնք յառաջացած ժողովրդական ցասումով: Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կը կատարուի այն իրողութեան, որ տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներու, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդներու, գիտական, կրթական եւ մշակութային կազմակեչպութիւններու, մտաւորականութեան, փաստաբանական համայնքի եւ հանրութեան զանազան շերտերու ներկայացուցիչներուն` վարչապետի հրաժարականի միասնական պահանջն է, որ պարտադրած է Փաշինեանին հանդէս գալու արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու օրակարգով:
«Կարող ենք արձանագրել, որ սա «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» առաջին յաղթանակն է: Այդուհանդերձ, այս պահին սա քաղաքական կեղծ օրակարգ է, վարչապետի հրաժարականի հանրային պահանջը շեղելու ձեռնածութեան փորձ: Բարոյական եւ քաղաքական օրինականութիւն չունի եւ ընտրական ազատ գործընթաց չի կարող երաշխաւորել այն վարչապետը, որն աննախադէպ ներազգային պառակտման է հասցրել հասարակութեանը, յանձնուողական համաձայնագրով դաւաճանել է մեր ազգային շահերը, խաթարել երկրի ինքնիշխանութիւնը` երկիրը հասցնելով քաղաքական, դիւանագիտական, ընկերային-տնտեսական ու բարոյական անկման:
Ինչպէս նախապէս յայտարարել ենք, վարչապետի հրաժարականին յաջորդող ժամանակաւոր անցումային կառավարութեամբ է հնարաւոր երկրում ձեւաւորել հանրային համերաշխութեան մթնոլորտ եւ հակաճգնաժամային քայլերով կասեցնել պետականութեան կորուստը, որից յետոյ կը կազմակերպուեն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Մեր պայքարն արդար է, մեր պահանջը` հիմնաւոր: Հայրենիքի փրկութեան համար պայքարելու ենք մինչեւ վերջ», կ՛ըսուի շարժումին յայտարարութեան մէջ: