ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»- Մինչ Թուրքիան սուրիացի վարձկաններու 230 հոգինոց նոր խումբ կ՛ուղարկէ Ատրպէյճան` Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կռուելու, 342 զինեալներ ամէն ինչ ձգած ու վերադարձած են տուն: Այդ մասին հաղորդեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան սուրիական կեդրոնը:
4 Նոյեմբերին կեդրոնը փաստագրած է սպաննուած 9 զինեալի տուեալ: Այս ընթացքին, ըստ կեդրոնին, սպաննուած են 240 զինեալներ, որոնցմէ 183ին դին տեղափոխուած է Սուրիա, միւսներունը մնացած է Ատրպէյճանի մէջ: Բացի ատկէ, հայկական ուժերը գերեվարած են 2 սուրիացի զինեալներ: