ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր»- Ապրիլեան պատերազմի հերոս Քեարամ Սլոյեանի անուան եզիտիական կամաւորական ջոկատը կը մեկնի սահմանագիծ: «Զինուժ մեդիա»ի տեսագրութեան մէջ ջոկատի հրամանատարը նշեց, որ իրենք կը մեկնին լինել-չլինելու պայքար մղելու:
Ան նշեց, որ իրենք գիտեն, թէ թշնամին ի՛նչ զէնքեր կ՛օգտագործէ, բայց իրենց գործը արդար է, պայքարն ալ՝ արդարացի։ «Թոյլ չենք տայ, որ անոնց ժանգոտած եաթաղանը նորէն մեր գլխին շողշողայ», յայտնեց ջոկատի հրամանատարը:
Ջոկատի անդամ տղաքը աւելցուցին, որ սահման կ՛երթան նաեւ իսլամ ահաբեկիչներէն իրենց վրէժը լուծելու համար:
«Նոյն այդ ահաբեկիչները Իրաքի մէջ կոտորած են մեր եզիտի եղբայրները, մենք կ՛երթանք մեր վրէժը լուծելու», յայտնեց կամաւորը:
Եռօրեայ վարժանքներէն ետք եւ սահման ուղղուելէ առաջ ջոկատի տղաները վերջին ցուցումները ստացան եւ յայտնեցին, որ՝ ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններուն, որոնց ստիպողաբար կը տանին սահմանագիծ, իրենք կամաւոր կերպով կ՛երթան մարտի` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի: